«ՄԵՐ ՏՂԱՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԷԻՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարած մրցումներուն անդրադառնալով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին, բոլորս` ազգովի, շատ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք մեր մարզիկներուն կատարած մրցումին: Այդ սեւեռումը, ազգային համախմբումը եւ զարթօնքը ամէնէն սուղ ձեռքբերումներն են, անկախ` այդ մրցումին արդիւնքէն: Սակայն թէ ինչո՛ւ արդիւնքը այդպէս եղաւ, այդ ուղղութեամբ այժմ գնահատական չեմ կրնար տալ, բայց կրնամ ըսել, որ մեր տղաքը կը ցուցադրէին բացառիկ խաղեր:
«Երկու-երեք տարի առաջ ոչ ոք նոյնիսկ կրնար երազել, որ մեր ֆութպոլիստները նման յաջողութեան կրնային հասնիլ: Ինչպէս ժողովրդական առածը կ՛ըսէ. «Տաշուած քարը գետինը չի մնար, իսկ քարը երբեք դիւրութեամբ չէ, որ կը տաշուի: Քար տաշելը կը պահանջէ համբերութիւն, տքնաջան աշխատանք, հետեւողականութիւն եւ նպատակասլացում», յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: