ՀՅԴ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց ՀՅԴ-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան օրուան հրատապ հարցերուն վրայ, յատկապէս աշխատաւորական գործադուլի եւ քաղաքական վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:
CATEGORIES Լիբանանեան