ԿՈՆԶԱԼԵՍ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵ՞Ր ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՅԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՅԻՐՑԻՆԵՐՈՒՆ
Սլովաքիոյ հայկական համայնքի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան կը յայտնէ, որ երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, իր գրասենեակը այցելած են Սլովաքիոյ ֆութպոլի կարգ մը պատասխանատու անձեր, որոնք կասկածած են, որ Այիր – Հայաստան մրցումին (Եւրօ-2012-ի զտումի մրցաշարք) սպանացի իրաւարարը` Էտուարտօ Իթուրալտէ Կոնզալես, յատուկ թելադրանքներ ստացած է այնպէս մը դասաւորելու համար, որ դաշտին տէրերը այս ճակատումէն յաղթական դուրս գան եւ իրենք ըլլան փլէյ-օֆի մրցումներուն տոմս ապահովող խումբը:
Կը կարծուի, որ ասոր պատճառը կը բացատրուի այն ձեւով, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.ն պարտական է Այիրի` նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի դէմ տեղի ունեցած 2010-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին, Ուիլիամ Կալաս ձեռքով կոլ մը նշանակեց Այիրի բերդին մէջ:
Վերոնշեալ տեղեկութիւնները Գրիգորեան փորձած է հաղորդել Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատասխանատուներուն, սակայն ան չէ յաջողած` նկատի ունենալով, որ անոնց բջիջային հեռաձայնները եղած են փակ վիճակի մէջ:


