«ԵՐԿԻՐ»Ի ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ` ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԻՇԵԼ ՓԼԱԹԻՆԻԻՆ

Յարգելի՛ նախագահ,

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Այիր – Հայաստան (11 հոկտեմբեր, 2011) մրցումին, օրուան սպանացի իրաւարարը` Էտուարտօ Իթուրալտէ Կոնզալես, կոպիտ սխալ մը գործեց, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիին կարմիր քարտ մը տուաւ` պատճառաբանելով, որ ան մեծ քառակուսիէն դուրս գնդակին դպած էր իր ձեռքերով:

Մինչդեռ ատիկա իրականութեան մէջ կատարած էր Այիրի մարզիկ Սայմըն Քոքս, որ այդ մասին խոստովանած էր «Պի. Պի. Սի. Սփոր»ի լրագրողին:

Ասիկա փաստուեցաւ բազմիցս մրցումին վիտէօ-երիզը դիտելէ ետք:

Փլէյ-օֆի տոմս մը ապահովելու համար անձնական մեծ ճիգ թափող Հայաստան, այդ կոպիտ սխալին պատճառով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Իբրեւ անցեալի փորձառու ֆութպոլիստ եւ հասարակական գործիչ, կ՛ակնկալենք ձեր միջամտութիւնը: Եու. Է. Էֆ. Ա.ն պէտք է ծանր պատիժներ սահմանէ Կոնզալեսի նկատմամբ եւ անկէ խլէ իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու իրաւունքը, որպէսզի յառաջիկային նմանօրինակ ճակատագրական անարդարութիւններու առիթը չտրուի:

YERKIR.AM-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ

Share this Article
CATEGORIES