ՀԱՄԱՑԱՆՑ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ. ԱՆԻԿԱ ԳԻՏԷ
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԹԱՅԹՈՂ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՇՏԵՄԱՐԱՆ ՄԸ` ԿՈՒԿԸԼ ԻՐ ՓՈՐՁԱՐԿԱԾ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԷ ԻՆՔԶԻՆՔ: Ա՛ՅՍ Է ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՒԱԲԱՐ ՆԵՐԿԱՅ ԿՈՒԿԸԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ: ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆԱԲԱՐ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՈՒԿԸԼԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ «ԼԱՆՏԸՆ ՌԻՎԻՈՒ ԱՖ ՊՈՒՔՍ»Ի ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՄԸ ՄԷԿ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷՐ ԿՈՒԿԸԼԻ ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԾ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ, ՈՐ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ԿՈՒԿԸԼԻ «ՍՈՐՎԵԼՈՒ» ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԱՆՈՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ…
ՓէյճՌենք միշտ ալ պարզապէս մէկն է այն ազդակներէն, որոնք կ՛որոշեն, թէ ինչպէ՛ս կը դասաւորուին եւ կը փոխանցուին Կուկըլէն մեր պահանջած արդիւնքները: 2007-ին Կուկըլ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին յայտնած էր, թէ կ՛օգտագործէր աւելի քան 200 նշաններ` հաշուգրական (ալկորիթմ) իր դասաւորումներուն մէջ: Այժմ անոնց թիւը վստահաբար աւելցած է: Կուկըլի ամէնէն աւելի թանկագին գործի գաղտնիքներէն է այն, թէ ի՞նչ են այս նշաններէն իւրաքանչիւրը, եւ թէ` ինչպէ՞ս կ՛որոշուի անոնց կշիռը: Սակայն Կուկըլի համար ամէնէն աւելի պիտանի նշանը ամէնէն աւելի նուազ կանխատեսելին է մեզի համար. անիկա վարմունքն է այն անձին, որ իր փնտռածը կը մեքենագրէ Կուկըլի փնտռտուքի յատուկ տուփիկին մէջ: Կուկըլի առաջարկած արդիւնքներէն երրորդին ընտրութիւնը փնտռող այս գործիքին կողմէ կը նկատուի քուէ մը, թէ իրականութեան մէջ տուեալ արդիւնքը պէտք է աւելի առաջնակարգ դիրք գրաւէ: Իսկ երկար յապաղում մը, այսինքն, երբ կ՛ընտրենք Կուկըլի առաջարկած արդիւնքներէն մէկը եւ դարձեալ չենք վերադառնար այլ ընտրութիւն մը կատարելու, Կուկըլի կողմէ կը նկատուի զօրաւոր քուէ մը: Հաշուագրական իր համակարգին մէկ նոր տարբերակը փորձելու նպատակով Կուկըլ զայն տրամադրելի կը դարձնէ իր սպասարկութիւնը գործածողներու հատուածի մը եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը կը չափէ` անոնց կատարած ընտրութիւններուն հոլովոյթին համաձայն. որքան աւելի գոհ մնան համացանցի մէջ Կուկըլի ճամբով նաւողները, կը նշանակէ, թէ այնքան աւելի յաջող է նոր տարբերակը: Այլ խօսքով` մե՛նք է, որ կը սորվեցնենք Կուկըլի, մինչդեռ կը կարծենք, թէ ի՛նք է, որ կը սորվեցնէ մեզի: Սթիւըն Լեւի կը պատմէ նորեկ պաշտօնեայի մը մասին, որ վարչական երկարամեայ փորձառութիւն ունէր եւ Կուկըլի ճարտարագիտական բաժնի փոխնախագահ Ալան Եուսթէյսի հարց տուած էր, թէ այս ընկերութիւնը ի՞նչ համակարգեր ունէր` բարելաւելու համար իր արտադրութիւնները: «Նորեկ պաշտօնեան կ՛ակնկալէր լսել որակի պահպանումի յատուկ աշխատանքային խմբակներու եւ որակի բարելաւումի վրայ կեդրոնացած խմբակներու մասին»,
այլ խօսքով` այնպիսի կառոյցի մը, որուն արդէն ծանօթ էր», կը գրէ Լեւի: Փոխարէնը` Եուսթէյս բացատրած է, թէ Կուկըլի ուղեղը կը նմանէր նորածինի մը ուղեղին. «Ամէն ինչ ծծող սպունգ մը, որ հետզհետէ աւելի խելացի կը դառնայ` իր ներծծած տեղեկութիւններով», կ՛աւելցնէր ան: Մանուկի մը նման Կուկըլ կ՛օգտագործէ այն, ինչ որ կը լսէ` մարդկային լեզուին գործածութեան վերաբերեալ: «Շուներու նկարներ», ինչպէս նաեւ «շնիկներու նկարներ» փնտռող անձերուն մեծամասնութիւնը Կուկըլի կը փոխանցէ այն գիտելիքը, թէ «շունը» եւ «շնիկը» նոյն բաները կը նշանակեն: Սակայն Կուկըլ նաեւ գիտէ, թէ այն անձերը, որոնք կը փնտռեն «հոթ տոկ»ի մասին տեղեկութիւններ, կը զայրանան, երբ կը ստանան «շնիկներ եռացնելու» մասին ցուցմունքներ: Եթէ Կուկըլ սխալ հասկնայ մեզ եւ առաջարկէ սխալ արդիւնքներ, ապա այն իրողութիւնը, թէ դարձեալ պիտի կատարենք փնտռտուքի փորձ մը` վերատեսութեան ենթարկելով մեր մեքենագրած բառերը, այս անգամ բացատրելով, թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք, պիտի օգնէ Կուկըլի, որ յաջորդին տայ ճիշդ արդիւնքներ: Տեղեկութեան իւրաքանչիւր փնտռտուք ինքնին տեղեկութիւն կը հայթայթէ Կուկըլի եւ կ՛օգնէ, որ բան մը սորվի անկէ:
ԱՆՀԱՄԱՐ ՀՆՉԵՐԱՆԳՆԵՐ ՀԱՒԱՔԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ
Կուկըլ 2007-ին արդէն բաւական բան գիտէր փնտռտուքի կառոյցին մասին` հրապարակելու համար միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ գործածութեան նպատակով հաստատուած փնտռտուքի ուղեցոյց սպասարկութիւն մը, որ կը կոչուէր ԿՈՒԿ-411: Ոեւէ ամերիկացի կրնար հեռաձայնել 1-800-4664-411 թիւին եւ իր հարցումը փոխանցել իրեն պատասխանող մարդամեքենային, որ կը վերլուծէր զայն եւ կը փոխանցէր իր առաջին 8 արդիւնքները` միաժամանակ առաջարկելով, որ մեր հեռաձայնով հաղորդակցութեան կապ մը հաստատէր տուեալ արդիւնքներուն առնչուած հասցէներու հետ: Հաղորդակցութիւնը ձրի էր, շատ արդիւնաւէտ եւ լայնօրէն տարածուած, մանաւանդ որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով որեւէ ընկերութիւն մը, որ մեծ ծախսեր չէր կատարած ծանուցումի համար, Կուկըլի ճամբով առիթ կ՛ունենար ծանուցուելու ցուցատախտակներու վրայ` Քալիֆորնիայէն մինչեւ Նիւ Եորք: Շատերուն համար տարօրինակ էր, որ Կուկըլ դրամ կը ծախսէր ծանուցելու համար արտադրութիւն մը, որմէ շահ չէր կրնար ապահովել: Սակայն այդ ժամանակ Կուկըլ արդէն ծանօթ էր իբրեւ տարօրինակ եւ հաճելի բաներ մատուցող սպասարկութիւն: 2004-ին անիկա հաստատեց Ճի մէյլը, որ այդ ժամանակ համացանցի վրայ խելայեղօրէն ընդարձակ եւ ձրի անձնական եւ նամակներու շտեմարան մը կ՛ընձեռէր զայն գործածողներուն. 1 կիկապայթ մեծութեամբ այս շտեմարանը 500 անգամ աւելի ընդարձակ էր, քան` այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող նմանօրինակ շտեմարանները: Սակայն այս պարագային անիկա դրամ կը շահէր` մեր ե- նամակներուն կողքին յայտնուող ծանուցումներուն ճամբով: Իսկ ի՞նչ կը շահէր իր ԿՈՒԿ-411 սպասարկութեամբ: Շուտով յստակացաւ, թէ ԿՈՒԿ-411 կը ստանար փիցցայի ապսպրանքներ` Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործածուող իւրաքանչիւր հնչերանգով, Տիթրոյթի մէջ փականագործներու մասին հարցումներ` տարբեր նրբերանգներով եւ, այսպէս, կը լսէր բառերու հնչիւնաբանական անհամար տարբերակներ: Աւելի ուշ Կուկըլը ուսումնասիրող մը գրած է, թէ ԿՈՒԿ-411-ը իրականութեան մէջ հնչերանգներ հաւաքելու նպատակով հաստատուած սպասարկութիւն մըն էր, ձայներ ճանչցող արհեստագիտութիւնը բարելաւելու միջոց մը` զանգուածային «ձայնահաւաքով»:
Այս սպասարկութիւնը դադրեցաւ իր հաստատումէն 3 տարի ետք: Սակայն Կուկըլ արդէն հաստատած էր մարդկային ձայնի յատկանիշներով օժտուած հաղորդակցութեան Անտրոյտ համակարգը եւ լայն գործածութեան համար հրապարակած էր ձայնի միջոցով փնտռտուքներ կատարելու բարելաւուած սպասարկութիւն մը, որուն համար կարիք չկար հեռաձայնային կապի: Պարզապէս կը թակէինք մեր հեռաձայնին պաստառին վրայ գտնուող փոքրիկ բարձրախօսը, հետագային` Պլեքպերիի եւ այ ֆոնի գործիքներուն վրայ զետեղուած բարձրախօսը, եւ մեր ձայնով կատարուած խնդրանքը բջիջային համացանցի միջոցով կը փոխանցուէր Կուկըլի սպասարկութեան կեդրոններուն, ուր կը վերծանուէր արհեստագիտական այն յառաջադէմ միջոցներով, որոնք կարելի դարձած էին շնորհիւ ԿՈՒԿ-411-ի: Մանուկը սորված էր խօսիլ: Այժմ, երբ Անտրոյտ տիպի հեռաձայններու գործածութիւնը կ՛ընդհանրանայ` օրական աւելի քան կէս միլիոն նոր հեռաձայններու գործածութեամբ, յանկարծ Կուկըլ տէր կը դառնայ երկրի վրայ իւրաքանչիւր լեզուով խօսուած բառերու հսկայական եւ հետզհետէ աւելի աճող շտեմարանի մը եւ կ՛ունենայ սորվելու շատ աւելի հզօր գործիք մը: Եթէ ձեր հեռաձայնը սխալ ձեւով արտագրէ ձեր ըսածը, կրնաք սրբագրել զայն, եւ Կուկըլի հաշուագրական համակարգերը անգամ մը եւս կը սորվին բարելաւել իրենք զիրենք: Ասիկա վախցնելու աստիճան ճշգրիտ սորվելու ձեւ մըն է: Դիւրին է ենթադրել, թէ հետզհետէ կատարելագործուող այս համակարգին վերջնական արդիւնքը պիտի ըլլայ Կուկըլի մեքենայ մը ամպերուն մէջ, ուր ճշգրիտ ձեւով պիտի արտագրուի աֆրիքան լեզուէն մինչեւ քոզա` իւրաքանչիւր լեզուով արտասանուած իւրաքանչիւր բառ, որքան ալ մրթմրթոցի նման հնչած ըլլայ անիկա: Այս մէկը կ՛օգնէ մեզի, մանաւանդ ինքնաշարժ քշելու պահուն, կամ երբ բեռնաւորուած ենք: Սակայն ասիկա փոքր պատկեր մըն է միայն:
ԿԱՏԱԿԸ` ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կուկըլ 2006-ին ԵուԹիուպը 1.65 միլիառ տոլարի գնելէ առաջ ունէր տեսերիզներու իր նոր ծաղկող սպասարկութիւնը, որ նախատեսելիօրէն կը կոչուէր Կուկըլ վիտէօ, որ իր մարմնաւորումին սկիզբը Կուկըլի տուփիկին մէջ մեքենագրուած եւ քանի մը բառերէ բաղկացած հարցումներուն կը պատասխանէր` առաջարկելով տեսերիզ մը, որուն մէջ կը խօսուէին նոյն մեքենագրուած բառերը: Օրինակ, կ՛ակնկալէին, որ եթէ Կուկըլի մէջ փնտռէինք «ին մայ պիկինինկ իզ մայ էնտ» բառերը, պիտի տեսնէինք գրագէտ Թի. Էս. Իլիըթը, որ ժապաւէնի մը մէջ կ՛արտասանէր իր «Ֆոր քուարթեց» բանաստեղծութենէն տողեր: Սակայն նման բախտ մը պիտի չունենայինք: Կուկըլ վիտէօ փնտռտուքի գործիքը ունէր իրեն յատուկ գաղտնիք մը. անիկա կ՛օգտագործէր թաքուն այն գրաւոր թարգմանութիւնները, զորս պատկերասփռողները կ՛օգտագործէին` ծանր ականջով ունկնդիրներուն համար: Կուկըլ նախօրօք ընդհանուր գումար մը վճարած էր օգտագործելու համար զանոնք եւ մեր փնտռած բառերը կը փնտռէր տեսերիզներուն թարգմանութիւններուն մէջ: Այս սպասարկութիւնը մաս կը կազմէր այն բազմաթիւ փորձարկութիւններուն, որոնց վերջ դրած է Կուկըլ տարիներու ընթացքին: Սակայն Կուկըլ վիտէոյի փակումին գլխաւոր պատճառը այն էր, որ թէեւ անիկա երեւութապէս արդիւնաւէտ էր, սակայն իրականութեան մէջ շատ սահմանափակ էր: Ամէն ինչ միայն խուլերուն համար չէ ձեւուած, իսկ վիտէոներու թարգմանութիւններ յաճախ սխալ են: Այսուհանդերձ, եթէ Կուկըլ կարողութիւնը ունի ձայներ ճանչցող իր նոր համակարգով արտագրելու իւրաքանչիւր վայրկեանի ԵուԹիուպի մէջ փոխադրուած տեսերիզներուն բառերը, ապա կը նշանակէ, թէ պիտի ունենանք պայթելու աստիճան լեցուն շտեմարան մը, ուր կարելի է փնտռտուքներ կատարել: Եւ որովհետեւ պատճառ չկայ, որ Կուկըլ չկարենայ իրականացնել այս մէկը, ուրեմն վստահ ենք, որ պիտի իրականացնէ զայն:
Պահ մը կատարենք միտքի փորձարկութիւն մը. եթէ Կուկըլ արբանեակներ զետեղէ ծիրի վրայ, ապա կրնայ ձայնագրել երկրի վրայ ձայնասփռուող ամէն ինչ եւ արտագրել զանոնք: Այս մէկը աներեւակայելի կրնայ թուիլ, սակայն յայտնապէս աւելի խենթ գաղափար մը չէ, քան` կարգ մը գաղափարներ, զորս Կուկըլի հիմնադիրները երազած են եւ գտած` զանոնք իրագործելու միջոցը: Օրինակ` աշխարհի բոլոր ճամբաները լուսանկարելու գաղափարը, աշխարհի բոլոր գիրքերը նկարելու գաղափարը, իրենք զիրենք քշող ինքնաշարժներ շինելու գաղափարը: Ասիկա այն տեսակի բան մըն է, որուն մասին պիտի մտածէր Կուկըլ: Քանի մը տարի առաջ ապրիլ 1-ի կատակ մը կը ծանուցէր աշխատանքի կարելիութիւններ` լուսնի վրայ Կուկըլի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ, ուր լսողական սարքեր «ականջ պիտի դնէին տիեզերքի շաղակրատութեան». այլ խօսքով` ելեկտրամագնիսական զարկերու այն հսկայական ցանցին, որ կրնայ պարունակել նշաններ` այլ համաստեղութիւններու մէջ խելացի կեանքի գոյութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` իրագործել ամբողջական ձայնագրումը իւրաքանչիւր ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի սփռումներուն, որոնք կը կատարուին մեր մոլորակէն: Կուկըլ շատ լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերէ ապրիլ 1-ի իր կատակներուն: Ինչպէս անոնց հեղինակը` Տակլըս Էտուըրծ կը բացատրէ իր «Այ՛մ ֆիլինկ լաքի. տը քոնֆեշընզ աֆ Կուկըլ իմփլոյի նամպըր 59» գիրքին մէջ, մեծ վէճեր ծագած են, երբ Կուկըլի հիմնադիրները զգացած են, թէ առաջարկուած կատակները հարազատ չեն Կուկըլի առաքելութեան ոգիին: Նման կատակներ, ինչպէս` Կուկըլի բարեկամական յատկանիշ մը արտացոլող խորհրդանշանը եւ անոր ընկերակցող զարդանկարները ձեւագծուած են ուսումնասիրուած կերպով` ակնարկելով Կուկըլի բարձր տենչերուն տարողութեան, որպէսզի մարդիկ չսահմռկին:
ԿՈՒԿԸԼ ԿԸ ԿԼԱՆԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ
Կը թուի, թէ Կուկըլի լայնածաւալ նոր նախաձեռնութիւնները միշտ ալ այս ընկերութեան կ՛ապահովեն կողմնակի նպաստներ կամ տեղեկութիւններու հսկայական պաշարներ` իբրեւ գլխաւոր նպաստ, որքան ալ մակերեսային թուի ասիկա` բաղդատած Կուկըլի մրցունակութեան ոգիին եւ որքան ալ չնպաստէ անոր սկզբունքին: Նման նախաձեռնութիւններ նաեւ կը սպառնան սնանկացնել ամբողջ ճարտարարուեստներ` ձրի սպասարկութիւն մատուցելով: 2009-ին Կուկըլ այժմէականացուց Անտրոյտ տիպի հեռաձայններուն մէջ տեղադրած իր քարտէսները եւ ընձեռեց անոնց մէջ ձրի նաւարկելու կարելիութիւնը` անոնց պաստառին վրայ գծուող ճամբաներու ուղղութեան հետեւելով կամ ձայնով փոխանցուած ուղեցոյց նշաններով հասնելով ճշդուած վայր մը: Ասոր գինը ոչինչ էր Կուկըլի համար, իսկ այլապէս գոյութիւն ունեցող գործառնութիւններու մարզերուն վճարած գինը` շատ մեծ: Կարմինի եւ ԹոմԹոմի նման ընկերութիւններ մեծ շահեր կ՛ապահովէին` հարիւր փաունտի վաճառելով իրենց ուղեցոյց սարքերը եւ պահանջելով ամսական դրութեամբ բաժանորդագրութիւն: Անոնք այլեւս չեն կրնար շարունակել նոյն ձեւով: Բնականաբար վտանգուած ընկերութիւններ միշտ ալ տեղի չեն տար առանց կռուելու: Այս տարուան սկիզբը ի յայտ եկաւ, թէ Անտրոյտի դէմ պայքար սկսած էր մղել Սքայհուք անունով փոքր ընկերութիւն մը, որ դատական հարց յարուցած էր Կուկըլի դէմ` գործի ասպարէզի մէջ անարդար վարմունքի ամբաստանութեամբ: Սքայհուք իր շահը կ՛ապահովէ` արհեստագիտական գործիքներ շինող ընկերութիւններու վաճառելով արհեստագիտական միջոց մը, որ կը ծառայէ աշխարհի վրայ յատուկ վայր մը գտնելու: Տպաւորիչ յեղաշրջումով մը` Սքայհուք յաջողած էր Մոթորոլայի նման ընկերութիւններ համոզել, թէ իր ստեղծած համակարգը շատ աւելի լաւ էր, քան` Կուկըլի սպասարկութիւնը: Մոթորոլա համաձայն գտնուած էր Անտրոյտ տիպի իր հեռաձայններուն մէջ Սքայհուքի սպասարկութիւնը զետեղելու առաջարկին` զայն նախընտրելով Կուկըլի ձրի սպասարկութենէն: Երբ Կուկըլի պատասխանատուները ի յայտ բերած էին եղելութիւնը, անոնք չէին հաւատացած իրենց լսածին եւ մտահոգուած էին, ինչպէս ցոյց կու տան անոնց միջեւ փոխանակուած ե-նամակները:
Անոնցմէ մէկը կը գրէր. «Ասիկա աղէտի պէս բան մըն է»:
«Կարծեմ ասիկա պէտք է ենթարկել յետմահու դիազննութեան եւ թերեւս պէտք է նշանագրել դեղին գոյնով, կամ` նման բանով մը, որպէսզի իրապէս մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք անոր վրայ», կը գրէր ուրիշ մը:
Ինչ որ կը մտահոգէր Կուկըլի պատասխանատուները այն չէր, թէ իրենց սպասարկութիւնը թերեւս լաւագոյնը չէր (անոնք չէին հաւատար, թէ այդպէս էր), այլ այն, որ եթէ արհեստագիտական սարքեր արտադրող ընկերութիւններ պիտի սկսէին գործածել մրցակից ընկերութեան մը արտադրութիւնները, ապա Կուկըլ այլեւս պիտի չկարենար հաւաքել այն տեղեկութիւնները, որոնց կարիքը ունէր իր սեփական սպասարկութիւնը բարելաւելու համար: Այլ խօսքով` Կուկըլ կը դիմագրաւէր ժխտական հակազդեցութեան հարցը, որուն վարժ չէր. որքան քիչ թիւով անձեր գործածէին Կուկըլի արտադրութիւնները, այնքան քիչ թիւով տեղեկութիւն պիտի կարենար հաւաքել այս ընկերութիւնը, եւ այնքան աւելի պակասաւոր պիտի դառնար անոր արտադրութիւնը: Հետեւաբար Կուկըլի գործադիր մարմինները լծուեցան աշխատանքի եւ յիշեցուցին Մոթորոլայի այն տարբեր պարտաւորութիւնները, որոնց տակ ստորագրած էր` Անտրոյտ տիպի հեռաձայնի իր տարբերակը շուկայ իջեցնելու պայմանագրութեան մէջ: Իր մղած պայքարէն ետք Կուկըլ ստացաւ Մոթորոլայի հաւաքած տեղեկութիւնները պահելու իրաւունքը: Ի դէպ, անցեալ ամիս Կուկըլ յայտարարեց իր ծրագիրը` 12.5 միլիառ տոլարի գնելու Մոթորոլա Մոպիլիթին, անոր 19 հազար պաշտօնեաներով միասին, կրկնապատկելով Կուկըլի աշխատուժը:
Կուկըլ անպարտելի չէ: Էրիք Շմիթ կը սիրէ նշել, թէ անոր մրցակիցները միայն ստեղնաշարի կոճակ մը սեղմելու չափ հեռու են անկէ: Եթէ մեզի չեն գոհացներ Կուկըլի մէջ մեր փնտռտուքներուն արդիւնքները, կամ` անոր գործելակերպը առեւտուրի մարզին մէջ, ապա միշտ ալ կարելի է օգտագործել Պինկը: Կուկըլ ներկայիս կը դիմագրաւէ ամերիկեան ծերակոյտի ենթայանձնախումբերուն կողմէ յարուցուած վստահութեան խախտումի հետաքննութիւններ: Սակայն որքան աւելի մեծնայ այս ընկերութիւնը, այնքան նուազ հաշուետու պիտի դառնայ օրէնքի դիմաց: Կուկըլ հետզհետէ աւելի խելացի կը դառնայ ճիշդ այն պատճառով, որ շատ մեծ է: Եթէ անիկա փոքրանայ, ապա ո՛ւր պիտի երթան այն բոլոր բաները, զորս գիտէ անիկա: Ա՛յս է կնճռոտ հարցը: Յայտնապէս ճիշդ չէ, որ աշխարհի բոլոր գիրքերուն բովանդակութիւնը սեփականութիւնը դառնայ միայն մէկ ընկերութեան մը: Յայտնապէս իտէալ չէ, որ աշխարհի վրայ միայն մէկ ընկերութիւն կարենայ հետզհետէ աւելի ճշգրիտ կերպով թարգմանել գրութիւն մը` 506 տարբեր լեզուներու: Միւս կողմէ, եթէ Կուկըլ չիրագործէ այս բաները, ապա ո՞վ պիտի իրականացնէ զանոնք:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

