ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՓԹԻԹ»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մանկապատանեկան դաստիարակութեան եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ի խնդիր` Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեան ամոլը կը շարունակէ լոյս ընծայել «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերականը: Այժմ մեր սեղանին վրայ ունինք մանկապատանեկան այս հրատարակութեան թիւ 3-ը` գունագեղ, նկարազարդ եւ հաճոյատեսիլ տպագրութեամբ պատրաստուած:

Այս թիւը ձօնուած է դպրոցական վերամուտին: Կողքի գծանկարները կը պատկերացնեն այս մթնոլորտը, վրձինովը` Սմբատ Ղազելեանի: Ինչ կը վերաբերի հեքիաթներու նկարազարդումին, գործն է Կարօ Խաչերեանի: Նշենք, որ այս գունագեղ նկարազարդումներու ձեւաւորուած ներկայացումը յաւելեալ գրաւչութիւն տուած է  էջերուն:

Բովանդակութիւնը ճոխացած է բազմատեսակ, այլազան նիւթերով: Չորս հեքիաթներ,  հանելուկներ, թիւերով եւ հայերէն տառերով խաղեր եւ գումարման հաշիւներ, ժպիտի վերաբերեալ մանրապատումներ: Խաղերու բաժինները կը զարգացնեն մանկան կամ պատանիին երեւակայութիւնը, մտային խորացումները: Գծագրութիւններով եւ գոյներու օժանդակութեամբ պատրաստուած խաղերը, անոնց ընկերացող բառերու ընտրութիւնը, կիսատ նախադասութիւններու ամբողջացումը, նաեւ` բազմիմաստ բառերու բացատրութիւնը յատուկ գիծերու մէջ մանրամասնուած, իրաւամբ որ կը նպաստեն մանուկ եւ պատանի աշակերտներուն արեւմտահայերէնի լեզուական եւ ուղղագրական ճշգրիտ ուսուցման: Կայ նաեւ սխալը ճիշդէն զատորոշելու ակնարկը` նոյն նպատակին ծառայող:

«Փթիթ»ի խմբագիրները մտածած են նաեւ ծնողներու մասին` անոնց ներկայացնելով մեր երկրէն դուրս, սփիւռքի մէջ լոյս տեսած մանկապատանեկան թերթերը, հանդէսները, պարբերականներու միացած յաւելուածները: Այս թիւով տրուած են ծանօթագրութիւնները Պուքրէշի (Ռումանիա) «Նոր Կեանք» մանկապատանեկան թերթին, նաեւ` Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին ընկերացող «Կկու» յաւելուածը: Հետաքրքրական է տեղեկանալ մեր գաղութներու մէջ ծաւալող մանկապատանեկան գրականութեան:

Լուրջ եւ պրպտող միտք ու երեւակայութիւն պահանջող աշխատանքով լոյս տեսնող «Փթիթ»ը, իր 30 պատկերազարդ էջերով, արժանի է մուտք գործելու մեր վարժարաններու նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժինները: Տնօրէններու եւ ուսուցիչներու պարտականութիւնն է հետաքրքրուիլ այս կապակցութեամբ: Եթէ նիւթական դժուարութեան հարց մը ծագի, կարելի է ճարը գտնել` մօտենալով մեր բարեսէր հայրենակիցներուն: Մանաւանդ երբ արեւմտահայերէնի պահպանման այրող հարցը օրակարգի վրայ է, ահաւասիկ գործօն մը եւ խթան մը` մեր մատաղ սերունդին լեզուն մաքուր պահելու, նոր ու լուսաւոր աշխատանքի ընդմէջէն ինքնազարգացման ուժ տալու:

Անհատական նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուի «Փթիթ»ը: Օգնենք հրատարակիչներուն, որպէսզի յուսալքում չունենան այս ճանապարհին:

 

Share this Article
CATEGORIES