ԸՆԿԵՐԱՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼԻՐ ԾՐԱԳԻՐ

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ կառավարութիւն-աշխատաւորական համադաշնակցութիւն ստեղծուած անհամաձայնութիւնը այս պահուան դրութեամբ հանգուցալուծման նախադրեալներ չի պարզեր: Այս կառավարութիւնը իր նշանակման օրէն իսկ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ անլոյծ մնացած թղթածրարներու քննութիւնն ու համապատասխան որոշումներու յանգելու դժուար պարտականութիւնը: Ելեկտրականութեան ստուար թղթածրար, ընկերային-տնտեսական ոլորտին մէջ տեղադրուող բազմաթիւ խնդիրներ` նշելու համար միայն ներքին խնդիրներու ընդհանուր պարունակը:

Տնտեսական միջազգային ճգնաժամը, շրջանային եռեւեփումներու, անոնց անմիջական ազդեցութիւններու  հետեւանքներու դիմակայման անհրաժեշտութիւնը բարդ կացութիւններ կը ստեղծեն հասկնալիօրէն, ինչպէս հասարակութեան այնպէս ալ գործադիր իշխանութեան համար:

Յատկանշականը այն է, որ նախընթաց գործելաոճը տակաւ կը չքանայ այն առումով, որ եթէ նախապէս շատ արագ կը բեւեռանար, կը շիկանար եւ կ՛անդամալուծուէր պետական որեւէ հաստատութիւն` հերթական ճգնաժամի առիթով, ապա նոր կառավարութեան ձեւաւորման հետ որդեգրուած է հարցերու քննարկման, որոշումներու յանգման եւ գործադրութեան մեքենականութիւներու ճշդումի քաղաքական բանականութեան մէջ տեղադրուող աշխատելաձեւ:

Մինչ այդ կը շարունակուին ժողովրդավար հասարակարգերու յարիր` կառավարութեան որեւէ որոշումին ընդդիմանալու, վերատեսութեան ենթարկելու պահանջ ներկայացնելու, կառավարութեան որոշումները իրենց առաւելութիւններով եւ անպատեհութիւններով հրապարակային քննարկումի ենթարկելու երեւոյթները:

Աշխատավարձերու յաւելման օրակարգը, որ երկար ատենէ ի վեր կը բախէր կառավարութեան դռները, այսօր կը սպասէ իր լուծումին: Աշխատաւորական համադաշնակցութեան առաջադրանքն ու կառավարութեան ընդառաջումի տարողութիւնը չեն համընկնած իրարու: Այսուհանդերձ, երկխօսութիւնը կը շարունակուի` բաց պահելով գործադուլի դիմելու  ճնշումի օրինաչափ միջոցի գործադրութեան հաւանականութիւնը: Կարեւոր է սակայն, որ լարուածութիւնը չգերադասուի տեղի տալով կառավարութիւն-հասարակութիւն երկբեւեռացումի: Մեր պետական հաստատութիւններն ու հասարակարգը ընդհանրապէս յոգնած են անել ուղիներ առաջնորդող բեւեռացումներէ, առճակատումներէն, խզումներէ եւ երկկողմանիօրէն կամք կը ցուցաբերեն բացառելու նախընթաց ոճերն ու պետական եւ հասարակական մեքենաներու սառեցումը պատճառող մօտեցումները:

Հաւասարակշռութեան գործօնը պէտք է բանի ըստ յամենայնի: Եթէ առաջադրուած յաւելումը պիտի նուիրականացնէ սղաճի նոր մագլցում մը, ապա գնողական արժէքի կտրուկ նուազումով անիմաստ պիտի դարձնէ շնորհուած յաւելումը: Կենսական ապրանքներու համար ճշդուած գիներու պետական վերահսկողութիւնը պարտադիր է չիմաստազրկելու համար քաղաքացիին արժանապատիւ կեանք ապահովելու միտումով կատարուող միջոցառումը: Որքան ալ հասկնալի ըլլայ յաւելումի նկատառելի ոստումներ ապահովելու առաջադրանքը պէտք է միաժամանակ սղաճի վերահսկողութեան մեքենականութիւններու ճշդումին մասին մտածուի: Այլապէս, սղաճի նոր աստիճանաչափերու կտրուկ նուաճումը ոչ միայն կ՛իմաստազրկէ յաւելումը, այլ նաեւ աւելի կը խորացնէ արդէն իսկ երկրին սպառնացող ընկերատնտեսական ճգնաժամը:

Լիբանանեան հասարակութիւնը պէտք ունի ընկերատնտեսական հակաճգնաժամային գործողութիւններու շարքի մը: Աշխատավարձերու յաւելումը այդ գործողութիւններու շղթային մէկ օղակն է անկասկած: Մնացեալները` գիներու վերահսկողութիւն, տարրական կենսական խնդիրներու պետական աջակցութիւն, անվճար բժշկութիւն, ընկերային լիարժէք ապահովագրութիւն, կենսաթոշակներու համակարգի որդեգրում եւ մասամբ նորին պէտք է համընթաց որդեգրուին եւ կիրարկուին` քաղաքացիին արժանապատիւ կենցաղ ապահովելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES