ՀՕՄ-Ի 70-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

ՀՕՄ-ի 70-րդ Համահայկական  ժողովը շարունակեց իր  աշխատանքները նախորդող  օրերուն: ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ժողովին ներկայ  գտնուեցաւ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ողջոյնի իր խօսքը ուղղեց պատգամաւորներուն` հաւաստիացնելով, որ ՀՕՄ-ի կենսական ու ազգօգուտ գործունէութեան միշտ հաւատացած է ՀՅԴ Բիւրոն, որ փորձած է սատար կանգնիլ միութեան, հոն, ուր պէտք եղած է:

Ան գնահատելով միութեան բազմածաւալ աշխատանքը` նշեց, թէ նոյնչափ կարեւոր է պահել համահայկական աշխատանքները եւ ընդլայնել անոնք, միեւնոյն ատեն յառաջդիմել եւ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութիւնները ընդարձակել:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մաղթեց եւ թելադրեց, որ ՀՕՄ-ականներու նուիրումի ու զոհողութեան ոգին փոխանցուի իրերայաջորդ սերունդներուն, որոնք պիտի շարունակեն եւ զարգացնեն միութիւնն ու անոր գործունէութիւնը:

Օրակարգեր եւ բանաձեւեր

– Կազմակերպչական գլխուն տակ եւ միութեան միակամ ու հզօր կառոյցը պահպանելու համար քննարկուեցաւ ՀՕՄ-ի բոլո՛ր միաւորներուն մօտ գործիչային այցելութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ հարկ զգացուեցաւ գործիչային աշխատանքի հայեցակարգի մշակումը:

– Արցախի մէջ գործող «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրը պետական մակարդակի չափերով ծրագիր մըն է. պետութիւնը 12 մանկապարտէզ կը պահէ երկրի տարածքին, իսկ ՀՕՄ-ը` 8:

Այս ծրագիրի գնահատականին իմաստով, ժողովը բաւական ուշադրութիւն ընծայեց` նկատի առնելով, որ իսկապէս անիկա կարեւոր դեր ունի Արցախի մեր մատղաշ սերունդի կազմաւորման մէջ, յատկապէս նաեւ անոր համար, որ ծրագիրը կը յուզէ բոլորը: Այս   ծրագիրը կը մնայ ընկերային եւ կրթական լուրջ ծրագիր մը, որուն շնորհիւ Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ կը գործեն մանկապարտէզներ, որոնք թէ՛ կրթական օճախ մը կ՛ապահովեն արցախահայ մատղաշ սերունդին համար եւ թէ աշխատանք կը հայթայթեն մեծ թիւով ընտանիքներու:

– Նոյնպէս բարձր նշանակութիւն ու կարեւորութիւն կը տրուի Ջաւախքի մէջ ՀՕՄ-ի  գործունէութեան: Ջաւախքի օժանդակութեան ֆոնտը կը կեդրոնանայ յարաբերաբար մեծ ծրագիրներու վրայ, որոնց որպէս արդիւնք այսօր կը գործեն Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնները: Նոյնպէս հայոց պատմութեան եւ լեզուի մրցումներ կը կատարուին:

– ՀՕՄի Որբախնամ ծրագիրը իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ընտանիքներուն աւելի քան քսան տարի: Թէեւ ՀՕՄ-ի Որբախնամ ծրագիրը Հայաստանի երկրաշարժի կամ Արցախեան ազատամարտի հետեւանքով ծնողազուրկ դարձած երեխաներուն համար էր, սակայն ներկայիս Հայաստանի սահմաններուն վրայ զոհուած զինուորականներու կամ սահմանամերձ շրջաններու մէջ թշնամական արարքներու հետեւանքով զոհուածներու երեխաները կ՛արձանագրուին այս ծրագիրին մէջ:

– Այս ծրագիրին առընթեր  կը գործէ նաեւ Որբերու ուսման ծրագիրը:

Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ  Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջութեան կեդրոնի տնօրէն Սեւակ Աւագեանը:

Առողջապահական ծրագիրներու ծիրին մէջ ներառնուած է կեդրոնը եւ ծննդատան մատակարարումը եւ խնամատարութիւնը:

1997ին, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնը, որուն յանձանձման պատասխանատուութիւնը 1998-ին փոխանցուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Սկզբնական շրջանին Կեդրոնը կը ծառայէր շրջանի վեց գիւղերու 22.000-ի հասնող բնակչութեան, որուն 4500-ը մէկ տարեկանէն հինգ տարեկան երեխաներ էին, իսկ 5000-ը` բերրի տարիքի կանայք: Ներկայիս այս կեդրոնի ծառայութիւններէն կ՛օգտուին աւելի լայն շրջանակի մը մէջ ապրող աւելի քան 67,000 հոգի:

Կեդրոնը ունի 3 մանկաբուժական եւ 2 կնոջական բուժման բաժիններ, տարրալուծարան, ձայնազննութեան (ultrasound) եւ ստինքազննումի սարքաւորում, սի. թի. սքեն, շտապ օգնութեան ծառայութիւն եւ դեղատուն: 2005 ապրիլին բացուած ծննդատան մէջ հազարաւոր երեխաներ աշխարհ եկած են:

Կեդրոնը կը կատարէ կնոջական կարգ մը վիրաբուժական ծառայութիւններ, պատուաստում, կանացի քննութիւններ: 2007-ի վերջերուն կեդրոնին մէջ սկսաւ գործել նոր դրութիւն մը` ընտանեկան բժիշկի ծառայութիւնը: Կեդրոնին մէջ հաստատուած է նաեւ ատամնաբուժական ծառայութիւն:

Ժողովը օրակարգերու քննութենէն զատ անցաւ նաեւ բանաձեւերու վաւերացման եւ նոր կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան:

Մինչ այդ նախորդ օրերու նիստերուն ընթացքին նկատել տրուեցաւ, թէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հաւատայ, որ այս հանգրուանին քննարկումները եւ ծրագրումները պէտք չէ բաւարարուին յառաջիկայ եռամեակի անմիջական աշխատանքներով, այլ հիմքերը դնել ՀՕՄ-ի նոր հարիւրամեակի գործունէութեան եւ գործունէութիւնը ղեկավարող մտայնութեան: Աշխարհատարած միութեան զանազան միաւորները պէտք է ընկալել որպէս մէկ ու միակամ կազմակերպութիւն:

Անցնող մէկ դարուն ընթացքին միութիւնը եղած է աւանդապահ, գործնապաշտ ու արդի, ու անոր շարքերուն մէջ կողք կողքի գործած են մեծ մայրը, մայրն ու երիտասարդը. երեք սերունդներ հաւասարապէս ներառած միութիւն:

Նոր դարաշրջանին մէջ ՀՕՄ-ը պէտք է շարունակէ ըլլալ աւանդապահ, սակայն առանց անցեալի մէջ քարանալու. ըլլալ գործնապաշտ ու արդի, քայլ պահելով հայկական եւ համամարդկային  խնդիրներուն:

ՀՕՄ-ը կը շարունակէ մնալ հայ կեանքի կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը, որ միակն է հայ կինը համախմբելու իր ունակութեամբ ու տարողութեամբ: Թէ՛ ժամանակի, թէ՛ տարածութեան իմաստով ՀՕՄ-ի ունեցած փորձառութիւնը դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել հայկական այլ կազմակերպութիւններու մօտ: ՄԱԿ-ի կողմէ որպէս միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան ճանաչումով ան լայն հնարաւորութիւններ ունի իր դիմաց:

ՀՕՄ-ի կառոյցին հետ կապուած ուժի այս աղբիւրներուն վրայ անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ անհատ ՀՕՄ-ականներու աշխատանքի, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը, որոնք իւրայատուկ կարողականութիւն  կու տան միութեան:

Ինչ կը վերաբերի դժուարութիւններուն կան խնդիրներ, որոնք ֆինանսական մարզին հետ կապուած են: Այս իմաստով, պէտք է ամրապնդել ֆինանսական կռուանները, շարունակելու համար ՀՕՄ-ի առաքելութեան ծառայութիւնը:

Անկէ զատ` աշխատանքային պատկերացումները բարեփոխելու կարիք կը դիմագրաւուի ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ` դուրս գալու համար սովորամոլութենէ: Կարեւոր է քսանմէկերորդ դարուն համընկնող մտայնութեան եւ գործելաձեւի զարգացում: Այս իմաստով անհրաժեշտ է կազմակերպչական կառոյցի ամրապնդում, համահայկական տեսլականի ամբողջական ընկալում, կազմակերպչական ու վարչական մեքենաներու եւ գործելաոճի արդիականացում, մտաւորական խորունկ քննարկումներով յառաջիկայ տասնամեակի նպատակակէտերու եւ թիրախներու բիւրեղացում:

ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը ընդլայնուած ըլլալով` զանազան երկիրներու պետական օղակներու եւ ներկայացուցիչներու հետ պաշտօնական հանդիպումներ ընդգրկեց, ինչպէս նաեւ` զանազան համամարդկային ծրագիրներու մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը: Յաջող ու արդիւնաւէտ էին բարեսիրական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ՀՕՄ-ի յարաբերութիւնները, որոնք անցնող երեք տարիներուն ընթացքին առիթ ընծայեցին աւելի քան չորս հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ դեղօրայք հասցնելու Հայաստան եւ Արցախ:

Նոյն ատեն, այս յարաբերութիւնները միակողմանի չեն, իսկ ՀՕՄ-ը որպէս բարեսիրական միջազգային կազմակերպութիւն, պարտաւորութիւններ կը վերցնէ որպէս միջազգային ընտանիքի լիարժէք կողմ ու խօսակից: Այս ծիրին մէջ տեսնել Հայիթիի, Ճափոնի եւ Սոմալիի մէջ բնական աղէտներու եւ մարդկային տագնապներու ուղղութեամբ կատարուած նուիրատուութիւնները, որոնք դրական արձագանգի արժանացան:

 

Share this Article
CATEGORIES