ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յստակ պատկերացում եւ ծրագիր ունի Սուրիան հարուածող ներկային գործադրուող այս դաւադրութիւնը ձախողեցնելու առումով:

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, թէ աշխատավարձի յաւելումներուն իմաստով տրուած որոշումը պիտի գործադրուի պետական պաշտօնաթերթին մէջ այդ որոշումին հրապարակուելէն անմիջապէս ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան անդամ Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մերժումը պիտի ձախողեցնէ Լիբանանի կառավարութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ պենզինին վրայ պարտադրուելիք յաւելեալ տուրքերը տարակարծութիւններու դռներ կը բանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը միջազգային որոշումներուն գործադրութեան յանձնառու չըլլայ, ընդդիմութիւնը լուռ պիտի չմնայ անոր դիմաց:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարներէն Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ ներկայ ընդդիմութիւնը «վայրագ է» ու յստակ. ան զգուշացուց երկիրը քանդելու փորձերէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ղպտի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ` հայր Պուլոս Օրաշալիմի «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ղպտիները երբեք պիտի չլքեն իրենց հայրենիքը` աւելցնելով, որ անոնք գոյապայքար պիտի մղեն` մնալու համար իրենց բնօրրանին մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ անյայտ կորսուածներու եւ արգելափակեալներու օժանդակութեան մարմինի` «Սոլիտ»-ի նախագահ Ղազի Աատ յայտնեց, որ մինչեւ օրս քաղաքական յստակ կամք չկայ` բացայայտելու անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ իրենք կ՛ընդդիմանան աշխատավարձերու սրբագրութեան վերաբերող կառավարութեան որոշումին դէմ, որովհետեւ անիկա ընդհանուրին շահերուն չի ծառայեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ 13 հոկտեմբերը Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պայքարը եւ Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն մը նիւթուելու անոր նախազգացումը կը խորհրդանշէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանէն կը պահանջէ վերջ տալ Լիբանանէն սուրիացի քաղաքացիներուն առեւանգումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Շամել Մոզայա յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան բանակը զիրենք ծառայութեան կանչէ, իրենք պատրաստ են հայրենիքին ծառայութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ 13 հոկտեմբերի նահատակներուն դատը իրականացած է` աւելցնելով, թէ Հատաթը աւելի քան հազար նահատակ տուած է այդ միջադէպերուն ընթացքին: Ան հաստատեց, որ ներկայիս պայքարը բարեկարգումներու գործադրութեան, Լիբանանին իրաւունքները վերադարձնելու եւ փտածութեան դիմադրելու նպատակ ունի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելումին հարցով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի սխալ եւ կիսատ որոշում տուած է, որովհետեւ կացութիւնը լաւ չէ սերտած:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքական անձնաւորութիւններ «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրանեան պատմութիւնը լեցուն է շրջանին դէմ դաւադրութիւններով:

ՆԱԽ Լիբանանի երեսփոխանական համախմբումի անդամ Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1757 բանաձեւին գործադրութենէն շեղումը Լիբանանը պիտի զետեղէ Միջազգային հանրութեան դիմաց:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելէ փախուստ կու տայ, ինչպէս որ ան փախուստ կու տար Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպելիք գործադուլէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ խորհրդարանին մեծամասնութեան իրականացուցած նուաճումը երկրին մէջ բազմաթիւ հարցերու առաջքը առած է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES