ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ՀԻՈՒՍԹԸՆ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հիուսթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ միայն պետական հաստատութիւններն են, որոնք կը պաշտպանեն քաղաքացիները, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի խանգարել այդ հաստատութիւններուն աշխատանքը:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է իրենց զաւակները արձանագրեն Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքացիութիւն չունեցողը առանց հայրենիքի անհատ մը կը նկատուի:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իր նուիրումը հայրենիքին է եւ ոչ` կուսակցութեան:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ շատեր իրենց ուրոյն շահերէն բացի ոչինչ կը տեսնեն:
CATEGORIES Լիբանանեան