ՊԸՐՐԻ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԳՈՒՄԱՐԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏ ՄԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանին` յառաջիկայ երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ներկայ գտնուելու խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք ներկայացուցիչները:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի նորընտիր նախագահ Ժան Փիեռ Պելի` շեշտելով, որ հարկ է լիբանանեան խորհրդարանին եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել:
Պըրրի շնորհակալական հեռագիրներ ստացաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլէն եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

