ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԷ 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ 13 հոկտեմբերի նահատակներուն ի յիշատակ մատուցուած պատարագին, որուն աւարտին ան արտասանեց ճառ մը:

Իր խօսքին մէջ զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի հիմնեն օրէնքն ու պետութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մէկը պարզապէս խոստում մը պիտի չըլլայ:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք պահպանած են սիրով գործելու իրենց արժանիքը եւ ատելութիւն ու ոխակալութիւն չեն տածեր այլոց նկատմամբ:

«Մենք տապալեցինք բոլոր անցարգելներն ու խոչընդոտները եւ վերադարձանք գործելու բոլորին հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որ իր ձեռքը երկարած է Լիբանանի վրայ եւ անպատիժ մնացած:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք օր մը օրանց նախայարձակ չեն եղած, միշտ ալ ինքնապաշտպանութեան դիմած են եւ հանգիստ խիղճով կը պահպանեն իրենց գոյութիւնը ու կը պարծենան իրենց նահատակներով:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը նկատել տուաւ, որ իրենք իրենց աշխատանքներուն եւ պայքարին մէջ հիմնուած են երկու չափանիշներու վրայ` բարոյական չափանիշն ու օրինականը: Ան նուիրում յայտնեց նահատակներուն յիշատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES