ՆԱԽԱՐԱՐ Վ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ – ՄԵՍՈՒՏ ԱՇՔԱՐ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեսուտ Աշքարի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Պէյրութի եւ Էշրեֆիէի շրջաններուն:
Աշքար դրուատեց նախարար Սապունճեանի կողմէ յայտարարուած «Արդիւնաբերող Լիբանան» կարգախօսը, որ հիմնուած է այն իրականութեան վրայ, թէ Լիբանան միայն իր ծառայութիւններով ճանչցուած չէ, այլ նաեւ` մեծ արժէք կը ներկայացնէ իր ճարտարարուեստի մարզով, որ կը նպաստէ երկրին ազգային տնտեսութեան:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի տարածքին գործող ճարտարարուեստի յատուկ գործարանները ճարտարարուեստի նախարարութենէն գործելու արտօնագիր ստանան, որպէսզի ապագային յարգուին անոնց օրինական եւ նիւթաբարոյական իրաւունքները: