ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տրուած այցելութեան:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Տիար», «Անուար», «Շարք Աուսաթ», «Սատա Պալատ» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

«ԱՆՈՒԱՐ»

– Լրատուութիւն` Պելճիքա այցելող լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահին միջեւ կատարուած հանդիպումին մասին:

Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տիար», «Լիուա» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):

–  Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանին միջեւ հանդիպումին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Շարք», «Սատա Պալատ» եւ «Տէյլիսթար» օրաթերթերը):

 

 

Share this Article
CATEGORIES