«ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶՄԷ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց բոլորին` անդրադառնալու երկրին գտնուած այս զգայուն հանգրուանին, որ կ՛ենթադրէ իմաստուն կեցուածքներ, զգաստութիւն եւ երկխօսութիւն:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ հարկ է ամէն ջանք ի գործ դնել պահպանելու համար լիբանանեան ներքին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու Լիբանանի դէմ որեւէ դաւադրութիւն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի դիմագրաւած այս վտանգաւոր հանգրուանը ուշիմ կերպով շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: