ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ` համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Ղոսըն վարչապետին յայտնեց համադաշնակցութեան խիստ վերապահութիւնը` որդեգրուած աշխատավարձի յաւելումներուն մասին: Ան շեշտեց, որ այդ յաւելումը նկատի պէտք է ունենայ թէ՛ պետական եւ թէ՛ սեփական մարզը:
Ղոսըն նկատել տուաւ, որ համադաշնակցութիւնը կառավարութեան վաւերացուցած յաւելումին համաձայն գտնուած է «Ստացի՛ր եւ պահանջէ՛» կարգախօսին հիման վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի աշխատաւորներուն 85 առ հարիւրը կ՛օգտուի այդ յաւելումներէն:
Ղոսըն խստիւ դատապարտեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան դէմ որոշ սենտիքաներուն բողոքի ցոյցը:
Միւս կողմէ, ան ըսաւ, որ սենտիքայական ոչ մէկ խախտում արձանագրուած է: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթի համաձայն գտնուած է սրբագրելու արձանագրուած սխալը` ըստ օրէնքի:
Նշենք, որ հանդիպումին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարուեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի եւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ու Ղոսընի միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ արձանագրուած բացթողումը սրբագրել:
Միւս կողմէ, Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մաս կազմող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Ռոպըրթ Ուաթքինզի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալի, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընկերային հարցերուն վերաբերող նախարարական յանձնախումբին նիստին, ներկայութեամբ վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի:

