ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ ԻՐ ԿԱՐԳԻՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍԱՐՔՈԶԻՆ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ մէջ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին` Երեւան տուած իր այցելութեան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր կատարած յայտարարութեան համար:
Նշելով, թէ Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը ուղղուած է ներքին լսարանին. Չաւուշօղլու ըսած է, որ Սարքոզի կը գիտակցի, թէ 2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութիւն պիտի կրէ, ուստի կը փորձէ Թուրքիոյ հասցէին ուղղուած քննադատութիւններու միաւորներ շահիլ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախորդ տարի կ՛աջակցէր Պաղեստինի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան: Սակայն այս տարի փոխեց իր դիրքորոշումը, որովհետեւ յառաջիկային ընտրութիւններ կան», ըսած է Չաւուշօղլու: