ԻԼ ՏԸ ՖՐԱՆՍԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, Քլամարի քաղաքապետ, Իլ Տը Ֆրանս շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Ֆիլիփ Քալթենպախը:
Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ֆրանսա ունին բարձր մակարդակի առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ, որոնց վկայութիւնն է սեպտեմբերի աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա տուած պաշտօնական այցելութիւնը եւ հոկտեմբերի սկիզբը Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան պետական այցելութիւնը:
Է. Նալբանդեան նշեց, որ այցելութիւններուն ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները, կատարուած շեշտադրումները եւ յայտարարութիւնները լաւ հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ խորացման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Ֆ. Քալթենպախ ներկայացուց իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները` Երեւանի հետ տնտեսական, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան ծաւալում, Քլամարի քոյր քաղաք Արտաշատի հետ փոխադարձ գործակցութեան նոր համաձայնագիրի ստորագրում եւ քաղաքին 2200-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակցութիւն:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող բազմաթիւ հարցեր:
Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան եւս ընդունեց նաեւ Ֆ. Քալթենպախը: Ան յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ հանդիպումները խթան պիտի հանդիսանան տնտեսական, գործնական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան եզրեր պիտի գտնուին ներդրումային խոշոր ծրագիրներու իրականացման առումով: Քալթենպախ իր կարգին քաղաքապետին ներկայացուց այն մարզերը եւ ուղղութիւնները, ուր ֆրանսական կողմը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու: Ան նաեւ նշեց, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն Իլ Տը Ֆրանսի ներգրաւուածութիւնը Երեւանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն: