«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏ ՊԱՀՈՂԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱՍԱՆՈՎ

Ալի Հասանով

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմ կը սպառնայ:

«Միջազգային հանրութիւնը ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Ազրպէյճան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման համար պատերազմի չսկսի, սակայն Ազրպէյճանի նախագահը բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի համբերութիւնն ալ սահման ունի: Ազրպէյճան չի կրնար սպասել, որ հակամարտութեան մէջ սթաթիւս քոն անվերջ պահպանուի: Իր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ այլ միջոցներ», ըսած է Հասանով` ընդգծելով, որ միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը պահանջեն փոխել ներկայ իրավիճակը` անոր պահպանումը անընդունելի համարելով:

«Ազրպէյճանին կը փորձեն ետ պահել այլ միջոցներու կիրարկումէն: Ազրպէյճան զինուորական պետութիւն չէ, ան որեւէ մէկու հողերու նկատմամբ յաւակնութիւն չունի: Ազրպէյճանի գլխաւոր նպատակը սեփական պետութեան ինքնիշխանութեան պահպանումն է, տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքացիներու ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումն ու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Այդ պատճառով Ազրպէյճանը կը փորձէ առաւելագոյն չափով օգտուիլ բանակցային գործընթացէն ռազմական գործողութիւններ չսկսելու համար: Սակայն եթէ սթաթիւս քոն չփոխուի, Ազրպէյճան անկասկած պիտի օգտուի իր իրաւունքէն եւ նպատակ չունի որեւէ մէկուն զիջելու», ըսած է Ալի Հասանով:

Share this Article
CATEGORIES