ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՀ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան մասնակից պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու համար երէկ Երեւան ժամանեցին Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախիստանի, Խըրխըզիստանի, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի, Ուզպեքիստանի, Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւններու եւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու տարածքին մէջ կազմակերպուած ոճիրի եւ յանցագործութիւններու այլ վտանգաւոր տեսակներու դէմ պայքարի համակարգման բիւրոյի պատուիրակութիւնները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ոճիրի դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ մասնակից երկիրներու ներքին գործոց մարմիններու հետագայ համագործակցութեան կատարելագործման եւ համակարգման վերաբերող հարցեր:
Թէեւ այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարը ժամանած է Երեւան, սակայն ԱՓԱ գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Ազրպէյճան մերժած է մասնակցիլ այս խորհուրդի նիստին, հետեւաբար չէ ժամանած Երեւան:

