ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐ ԿԱՊԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԵՐՏԱՑՆԷ «ԻՆԹԸՐՓՈԼ»ԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան («Ինթըրփոլ») ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Քենեթ Նոպլը:

Ողջունելով հիւրը` նախագահը նշեց, թէ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային առաքելութիւնը: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան առանցքային կը նկատէ կազմակերպութեան դերը ոճիրներուն դէմ պայքարին իմաստով, ուստի կ՛ուզէ աւելի խորացնելու իր յարաբերութիւնները «Ինթըրփոլ»ի հետ:

Հայաստանի նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Քրէական ոստիկանութեան միազգային կազմակերպութեան հետ միացեալ աշխատանքը կը դիտարկուի նաեւ իբրեւ հայ մասնագէտներու արհեստավարժութեան բարձրացման կարելիութիւն: Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Ռոնալտ Քենեթ Նոպլի անձնական ներդրումը «Ինթըրփոլ»ի արդիականացման գործին մէջ:

Նոպլի նշեց, որ Հայաստանն ու «Ինթըրփոլ»ը իրարու կապող օղակը` Ազգային կեդրոնական բիւրոն է, որ մեծ հեղինակութիւն ունին կազմակերպութեան մէջ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց «Ինթըրփոլ»ի ընդհանուր քարտուղարութեան` Ազգային կեդրոնական բիւրոյին մնայուն աջակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ ոճիրի դէմ պայքարի գործին մէջ համագործակութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

***

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագրեր ստորագրեց Աշոտ Յովակիմեանը` Աւստրիոյ, Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին պարտականութիւններէն ազատ կացուցելու համար:

Նախագահին այլ հրամանագիրով մը Աշոտ Յովակիմեան ազատ կացուցեցաւ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարի պարտականութիւններէն:

Նախագահին մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Արման Կիրակոսեան ազատ կացուցուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի մը անցնելու համար:

Նախագահին այլ հրամանագիրով մը` Արման Կիրակոսեան նշանակուեցաւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար (նստավայրը` Վիեննա):

 

 

Share this Article
CATEGORIES