2011-Ի ԾՈՎԵԶԵՐԵԱՅ 2-ՐԴ ԽԱՂԵՐ AUCE-Ի ՏՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կրթութեան եւ գիտութեան բաժանմունքին (AUCE), յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենան 2011-ի ծովեզերեայ երկրորդ խաղերը:

Այդ խաղերուն գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, այդ բաժանմունքը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը իր ակադեմիային մէջ (Հատաս)` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի: Նախարարէն բացի ներկայ էին նաեւ երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ֆետի Աաուար, զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Օրուան զեկուցաբերը` լրագրող Ալի Ֆաուազ ներկայացնելով այս խաղերուն ընդհանուր ծրագիրը, յայտնեց, որ անոր գլխաւոր նպատակն է Լիբանանի երիտասարդ սերունդը ամբողջութեամբ հեռու պահել բոլոր տեսակի թմրեցուցիչներէն` ապագայի հաշուոյն ունենալու համար առողջ սերունդ մը:

Ցուցադրուած վիտէօ-երիզները, ինչպէս նաեւ բոլոր խօսք առնողներն ալ անխտիր փափաք յայտնեցին միշտ տեսնել առողջ սերունդ մը` հեռու թմրամոլութենէ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ տարբեր տեսակի մարզիկներու պարգեւատրում, ինչպէս նաեւ կարեւոր անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` նախարար Քարամէի յանձնուեցան յուշանուէրներ:

Share this Article
CATEGORIES