ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ նոյեմբերին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունենալիք աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան Հայաստան ներկայացուցիչ պիտի չունենայ:

2008-ին, Պէյճինկի Ողիմպիականի խաղերուն պրոնզէ մետալակիր, 28 տարեկան Գէորգ Դաւթեան (77 քկ), ինչպէս նաեւ անոր տարեկից Տիգրան Վ. Մարտիրոսեան (85 քկ), այս տարեշրջանին իրենց ունեցած առողջական հարցերուն պատճառով, ելոյթներ չունենալով, պիտի բացակային աշխարհի ախոյեանութենէն:

Սակայն անոնք Լոնտոնի Ողիմպիականին մասնակցելու իրենց յոյսերը չեն կորսնցուցած:

Երկուքն ալ նպատակ ունին յառաջիկայ գարնան Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցելով եւ յաջող ելոյթներ ունենալով` դարձեալ մաս կազմել Հայաստանի ազգային հաւաքականին:

Share this Article
CATEGORIES