ԵՒՐՕ-2012. ՓԼԷՅ-ՕՖ-Ի ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկուան վիճակաձգութենէն

Երէկ Քրաքովի մէջ (Լեհաստան) տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն, որոնք պիտի կատարուին երթուդարձի դրութեամբ: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 11-12 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 15 նոյեմբերին:

Ամէնէն հանգիստ մրցումը պիտի կատարէ Այիր, որ իրեն դէմ պիտի ունենայ Էսթոնիան (ութ խումբերուն մէջ ամէնէն տկար խումբը):

Չեխիա պիտի ճակատի Մոնթենեկրոյի դէմ, Պոսնիա` Փորթուգալի, իսկ Թուրքիա` Խրուաթիոյ:

Նշենք, որ չորս խումբեր պիտի ապահովեն Լեհաստան – Ուքրանիա աւարտական հանգրուանի մրցումներու իրենց տոմսը:

Share this Article
CATEGORIES