ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻՔԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ

Նիքիթա Սիմոնեան

Իր ուղարկած շնորհաւորական ուղերձին մէջ երէկ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն շնորհաւորեց Նիքիթա Սիմոնեանը` անոր ծննդեան 85-ամեակին առիթով:

«Ամբողջացաւ ֆութպոլի մեծանուն մասնագէտ, հայ ժողովուրդի զաւակ Նիքիթա Սիմոնեանի ծննդեան 85-ամեակը: Անոր ներդրումը շատ մեծ է Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի զարգացման ու զօրացման իմաստով: Մեծ մասնագէտին ղեկավարութեամբ` Արարատ Երեւան առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքերու տիտղոսներուն: Ան եղած է նաեւ հանրածանօթ ֆութպոլիստ, ռմբարկու եւ մրցանիշակիր: Համոզուած ենք, որ անցեալին մարզիչի պաշտօն ալ վարած Սիմոնեան, որ այժմ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահն է, կը շարունակէ երկար տարիներ ծառայել իր սիրած մարզաձեւին եւ իր հարուստ գիտելիքներու պաշարը կը փոխանցէ իր երիտասարդ գործընկերներուն», նշուեցաւ այդ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES