ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ
Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2011-ին, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ մեր Սուրբ Թարգմանիչներուն հոգիները պանծացին:
Վերամուտի առաջին օրերուն մեծ շուքով նշուեցաւ այդ փառաւոր տօնը: Աշակերտները խանդավառութեամբ բարձրացան դպրոցին սրահը, ուր «Մեսրոպեան խորան»ով զարդարուած էր:
Բացման խօսքէն ետք, վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան, օրուան խորհուրդը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան շեշտը դրաւ թարգմանիչներուն կատարած մեծասքանչ գործին, որ եղաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման խարիսխը:
Ապա վարժարանի աշակերտները` առաջինէն վեցերորդ դասարաններ ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը: Անոնց փոքրիկ շուրթերէն եւ հոգիներէն բխող արտասանութիւնները, նուիրուած` Ս. Մեսրոպին, հայոց լեզուին եւ թարգմանիչներուն, մէյ մէկ աղօթքի պէս բարձրացան` իբրեւ ապագայի գոյատեւման երդում:
Յայտագրի աւարտին աշակերտները իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցան Մեսրոպեան դրոշմը կրող էջացոյց, որոնցմէ նաեւ նուիրեցին իրենց ուսուցիչներուն: