ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՃԵՐԻ ՊՐԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ կառավարիչ Պրաուն

Արամ Ա. կաթողիկոս հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերի յետմիջօրէին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճերի Պրաունի հետ` խորհրդակցելու համար շրջանի հայութիւնն ու ընդհանրապէս մարդկութիւնը յուզող հարցերու շուրջ:

Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ ներկայացուցչական հանգամանքով ազգայիններ  Մարտիկ Կապուտեան ու իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան: Խորհրդակցութեան նիւթերն էին Քալիֆորնիոյ հայութիւնը յուզող ու շահագրգռող հարցեր, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական ու մասնաւորաբար կաթողիկէ-ուղղափառ յարաբերութիւնները: Նկատի ունենալով, որ կառավարիչը ստացած է նաեւ աստուածաբանական ուսում, յիշեալ հարցերուն արծարծումը ընդգրկեց աստուածաբանական ոլորտը:

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումներն ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ընթացքը` նկատի ունենալով, որ վեհափառը կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս ոլորտին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուող հարցերուն, վեհափառը կառավարիչին ուշադրութեան յանձնեց, որ իբրեւ տեղւոյն գլխաւոր պատասխանատուն` վստահաբար լաւ կը ճանչնայ հայութիւնն ու անոր հարցերը: Կառավարիչ Պրաուն խոստացաւ օգտակար ըլլալ հայութեան ծրագիրներուն իրականացման:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպումին աւարտին, վեհափառը յուշանուէր մը յանձնեց կառավարիչին. յուշանուէրը Բարձրբերդի Աւետարանին մանրանկարն էր:

 

Share this Article
CATEGORIES