ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Շուրջ երեք ամիս առաջ առողջական հարցեր դիմագրաւեց եւ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ «Ազդակ»ի երկարամեայ աշխատակիցներէն Գէորգ Աբէլեան, որ մեր ընթերցողներուն ծանօթ է նաեւ «Զգուշացէ՛ք ձիւնագնդակներէն» սիւնակով, զոր կը ստորագրէ Ձիւնական ծածկանունով:

Գէորգ Աբէլեան նաեւ ծանօթ է իր հրատարակութիւններով, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու կամ իսլամացած ու քրտացած հայերու նուիրուած իր զոյգ հատորներով` «Ցկեանս նահատակութիւն» եւ «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր..»: Վերջերս ան նաեւ լոյս ընծայեց Այնճարի եւ Քեսապի նուիրուած իր «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Գէորգ Աբէլեան ներկայիս կը գտնուի ապաքինման հանգրուանին մէջ: «Ազդակ»ի ընտանիքին անունով մեր վաստակաւոր աշխատակիցին կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում` մաղթելով եւ յուսալով, որ շուտով իր ստորագրութիւնը կրող յօդուածները կրկին կը սկսին տեղ գտնել մեր էջերուն մէջ, եւ ան կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը` ընթերցողին սեղանին վրայ նորանոր գիրքեր դնելով:

Share this Article
CATEGORIES