ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ընկե՛ր պարոն Յակոբ. այսպէս կը դիմէի քեզի, գլխագիր Հայր:

Այսօր ես եկած եմ, որպէս քու հազարաւոր զաւակներէն մէկը, քանի մը խօսք ըսելու, որոնք չէի կրնար քու կենդանութեանդ ըսել, որովհետեւ համեստութիւնդ կը վիրաւորուէր: Այտերդ կը կարմրէին, եթէ գովասանքի խօսք մը արտասանուէր քու հասցէիդ: Նոյնիսկ հիմա, քու անշնչացած մարմնիդ առջեւ կը փորձեմ զուսպ ըլլալ, բայց պիտի ըսեմ, որ դուն մեր հպարտութիւնն ու հարստութիւնն ես: Դուն միայն հայր չեղար մեզի համար, այլ քու հայրական գուրգուրանքին ու սիրոյ կողքին, եղար դաստիարակ ու ուղեցոյց: Մեզի սորվեցուցիր պարկեշտութիւն, ազնուութիւն, հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն… Քու զաւակներդ քու շրթներէն վատաբանութիւն չեն լսած ոեւէ մէկուն հասցէին. դուն սորվեցուցիր իւրաքանչիւրին լաւ կողմը տեսնել ու ժխտական կողմը անտեսել ու ներել:

Քու հայրական գուրգուրանքն ու սէրը չսահմանափակուեցան ընտանիքիդ հինգ անդամներով, այլ ընդգրկեց քու հարսերդ ու փեսադ, թոռնիկներդ ու հարազատներդ, եղար գուրգուրացող հայր, օրինակելի ամուսին, տիպար եղբայր ու մեծ հայր:

Քու սիրտդ այնքան մեծ էր, որ հայրական քու սէրն ու խնամքը տարածեցիր ընտանիքէդ անդին` տարածելով ամբողջ գերդաստանի մը վրայ: Պատահական չէ, որ հօրեղբօրորդիներդ Հայաստանէն ու Պէյրութէն շտապեցին քու մահիճիդ կողքին ըլլալու եւ իրենց որդիական պարտքը կատարելու:

Գերդաստանէ մըն ալ անդին անցաւ հայրութիւնդ ու տարածուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու վրայ, որոնք այսօր տարածուած են աշխարհի տարբեր անկիւններ: Պատահական չէ, որ քու հայրութիւնդ վայելած բժիշկներ, մէկը միւսին ետեւէն փորձեցին ի գործ դնել իրենց գիտական բոլոր միջոցները, որպէսզի կարենան քիչ մը մեղմացնել քու տառապած մարմնիդ ցաւերը:

Դուն շնորհակալութիւն յայտնելու պարտաւոր չես, ընկեր պարոն Յակոբ: Ես տեսայ անոնց աչքերուն մէջ իրենց գործը կատարելու ուրախութիւնը: Բայց ես կը յայտնեմ, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը մահճիդ կողքին մեզ կը սփոփէր եւ ուժ կու տար:

Երթաս բարով, Հա՛յր, բայց իմացիր, որ քու փոխանցած արժէքները փորագրուած կը մնան մեր մէջ, հազարաւոր քու զաւակներուդ մէջ եւ անոնք կը վերապրին ու կը շարունակեն գոյատեւել անոնց զաւակներուն, քու թոռնիկներուդ միջոցով:

Հողը թեթեւ գայ, Հա՛յր:

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES