ՄՇԱԿ ԲԱՐԻՆ

Ընկ. Յակոբ Մկրտիչեանի ժամանակը ապրած եւ անոր մտերմութիւնը վայելած ընկերներ, հարազատներ…

Սուրբ գործը շարունակելու յանձնառութեամբ, քիչ ետք, հողին պիտի յանձնենք անշնչացած մարմինը մեր ընկերոջ եւ յաւիտենականութեան պիտի ուղեւորենք անոր հոգին` մեզմէ իւրաքանչիւրի էութեան վերապահելով բարի յուշ մը անկէ, որպէս ներշնչարան:

Մեր աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն էր ընկ. Յակոբը, որուն ժամանակը ապրելու եւ երեսունհինգ տարիներու մտերմութիւնը վայելելու բախտը ունեցայ, եւ այսօր` կորսնցնելու դժբախտութիւնը: Միշտ չէ, որ ծանօթութիւնները մտերմութեան եւ ընկերութեան կը վերածուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, եթէ այդ մէկը խարսխուած չըլլայ գաղափարական հանգանակի, գործնական հորիզոններու պատկերացումներուն եւ անսակարկ նուիրումի վրայ, իսկ երբ այդպէս է, ապա ինչպիսի խոր արմատներով կ՛աճի ու կ՛ամրանայ ընկերական այն կաղնին, որուն սաղարթախիտ ճիւղերը կը պարուրեն մեզ բոլորս ՀՅԴ հովանիին ներքեւ` յանուն համազգային նպատակներու կենսագործումին:

Հանգուցեալ աւագ մեր ընկերը իւրայատուկ երեւոյթ էր մեր հաւաքական կեանքին մէջ, հանրային թէ կազմակերպական իր օղակաւորումներուն մէջ: Չկայ աւելի կրթիչ օրինակ, քան` այն ասպարէզը եւ առաքելութեան այն հոյակապ զուգորդումը, որ կար մեր հանգուցեալ ընկերոջ մէջ, ուր ուսուցիչն ու առաջնորդը, դաստիարակն ու ղեկավարը, պարոնն ու ընկերը, այնքան գեղեցիկ կերպով միախառնուած էին իրարու եւ այդ բոլորին շունչով վարակած ամբողջ սերունդներ, սուրիական Ճեզիրէի տարածքին եւ այսօր ծլարձակած ամէնուր, հո՛ն, ուր կ՛ապրին ու կը գործեն իրեն աշակերտած, ընկերութիւնը վայելած սերունդներ:

Ընկեր Յակոբը այսպէս է, որ իւրօրինակ բաղադրիչը դարձաւ մեր հաւաքական կերպարին եւ հարստացուց մեր կազմակերպական ծառայութեան գանձատունը` պահելով աւանդ ստացած արժէքային ամբողջ համակարգ մը եւ կենդանի գործով, վարքով ու շունչով անոր վրայ աւելցնելով սեփական կեանքի կենսափորձը, այս անգամ որպէս իր աւանդը փոխանցեց մեզի:

Այս պահուն թուե՞լ արդեօք արժէքներու ամբողջ այն շարքը, զոր առաքինութեան բարձրացուց ընկ. Յակոբը: Խոնարհութիւն բնաւորութեան մէջ, համեստութիւն պատասխանատուութեան մէջ, յարատեւութիւն աշխատանքի մէջ, նուիրում անմնացորդ եւ անյիշաչար դատողութիւն:

Հանգուցեալ մեր ընկերը կը պատկանէր տարաբախտ այն սերունդին, որ չունեցաւ մանկութիւն, հայրենաբաղձութիւնն ու կեանքի դաժան պայմանները դարձան իր լսարանն ու համալսարանը եւ իր մէջ կռանեցին հաւատքով զեղուն սիրտ եւ ինքնակերտումի երկաթեայ կամք:

Աւանդապահ իր ընտանեկան յարկէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի կիսատ ուսումնական շրջանը բաւարար եղաւ անոր մէջ բոցավառելու ազգին ու հայրենիքին, լեզուին ու պատմութեան սէրն ու նուիրումը եւ սեփական ժողովուրդի առօրեայ կեանքը դարձաւ իր ներշնչարանը:

Ինքնակերտումէ ինքնահաստատում, վճռական ու հաստատակամ 1950-ականներու սկզբնաւորութեան ՀՅԴ-ի գաղափարական հանգանակը դարձուց կեանքի ու գործի ուղեգիծ եւ քալեց անվարան:

Այդ թուականներէն եւ մինչեւ այսօր կա՞յ արդեօք աւելի նուիրական ասպարէզ, քան ուսուցչութիւնը` յանուն նորահաս սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան, որուն անմնացորդ կիրարկողը եղաւ մեր հանգուցեալ ընկերը, Ամուտայէն Հասիչէ եւ Գամիշլի, հո՛ն, ուր կանչեց զինք պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը, կատարեց իր մեսրոպեան ուխտը քրիստափորեան ծառայութեամբ:

Չեղաւ ուսուցիչ, այլ` ՄՇԱԿ ԲԱՐԻ: Իր անունը կանխող պարոն տիտղոսը աւելի ակնածանք էր, քան` գնահատական կամ ասպարէզի մակդիր: Յիսնամեակ մը եւ աւելի մշակեց մեր սերունդներու հոգին եւ էութիւնը` ցանելով հայու սերմեր, խնամեց զանոնք սիրով ու նուիրումով եւ ծաղկեցուց ծառայութեամբ ու տուաւ ժողովուրդին:

Որպէս մշակ` դպրոցէն, ուսուցչութեան թէ տնօրէնութեան պարտականութիւններէն անդին, հայ ազգային կեանքը ակօսեց Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններու մէջ գործելով: Հիմնադրելով, կազմակերպելով, ղեկավարելով ձեռնհասօրէն, ուղղամտութեամբ եւ իր ուխտին հաւատարմութեամբ:

Գործեց սովորական շարքայինի եւ միութենական անդամի դիրքերէն մինչեւ համապատասխան պատասխանատու մարմիններու մէջ: Եղաւ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի տեղական թէ շրջանային վարչութիւններու անդամ եւ արժանացաւ անոնց կեդրոնական վարչութիւններու արժանեաց շքանշաններուն:

Եղաւ անդամ Բերիոյ թեմի Ազգ. գաւառական ժողովի: Որպէս մշակ իր բազմամեայ ծառայութիւնը գնահատուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Վերջերս տակաւին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գնահատականով: Եւ այս բոլորը… կազմակերպական անդուլ աշխատանքի, երբեմն հեւքոտ, երբեմն դաժան, բայց միշտ երախտապարտ գործի կողքին: Ինչպէս որ Հայր էր բարի, եղաւ Մշակ բարի: Եղաւ ՄԵԾ ԸՆԿԵՐ:

Խոնարհութեանդ մէջ մեծ, վաստակովդ գերազանց,

Վարքովդ դաստիարակի՛չ, ընկ. Յակոբ,

Քեզ յաւիտենականութիւն կ՛ուղեւորենք: Դաշնակցութեան ցանած սերմերը օրհնեալ են յաւիտեան, իսկ դուն Դաշնակցութեան սերմնացանն էիր: Ցանած սերմերդ ծլարձակած են արդէն զաւակներուդ, ընկերներուդ, աշակերտներուդ սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, որոնք քեզմէ ստացած շունչով պիտի շարունակեն իրենց նուիրական երթը` գաղափարական դրօշիդ հաւատարիմ ուխտով ու յանձնառութեամբ:

Կը խոնարհիմ աւելի քան վաթսունամեայ ուխտապահ ընթացքիդ, կրթիչ ու դաստիարակիչ վարքիդ առջեւ:

Յիշատակդ անթառամ, Սուրբ գործդ կը շարունակուի անպայման…

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES