ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԱՔԱԹ ԼՈՒՊՆԱՆ ՇԱՊԱՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄ` ՇԱԲԱԹ, 12 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Իր հիմնադրութեան 18-ամեակին եւ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով` Հարաքաթ Լուպնան շապապ կը կազմակերպէ իր 13-րդ վազքի մրցումը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 12 նոյեմբերին, հովանաւորութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին միութիւնը յայտարարեց, որ վազքի այս մրցումը պիտի սկսի Համանայի քաղաքապետարանին դիմացէն` անցնելով լիբանանեան բանակի մէկ զօրամասին առջեւէն, հասնելով մինչեւ Պհամտունի Ամին Ապտել Նուր միջազգային մարզադաշտ, ուր տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ վազքի այս մրցումին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին յառաջիկայ նոյեմբեր ամսուան սկիզբը, երբ տեղի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
CATEGORIES Մարզական