ԻՐ ՏԵՍԱԿԻՆ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՄԸՄ-Ի ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՄՐՑԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի յանձնախումբին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ յատուկ եղաւ իր տեսակին մէջ:
Յատուկ այն իմաստով, որ ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի մարզիկները մրցեցան իրենց ծնողներուն դէմ: Տեղի ունեցան ութ մրցումներ (իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը` կէս ժամ), որոնց ընթացքին մարզիկները պարբերաբար ճակատեցան իրենց ծնողներուն դէմ: Անշուշտ, բոլոր մրցումներուն ալ յաղթական հանդիսացան ակադեմիայի ֆութպոլիստները:
Մթնոլորտը ընտանեկան էր, եւ բոլորին կողմէ ալ փափաք յայտնուեցաւ յառաջիկային այսպիսի մրցաշարք մը եւս կազմակերպելու:
Կարգ մը ծնողներ յայտնեցին, որ մինչեւ յառաջիկայ մրցաշարքը պիտի կատարեն յատուկ փորձեր` ֆիզիքապէս աւելի լաւ վիճակի մէջ ըլլալու համար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ խոստում տրուեցաւ մօտիկ ապագային դարձեալ իրարու հետ տեսնուելու:


