ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու 2011-2012 տարեշրջանի վերամուտին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի հետ, որ փոխանցեց այս տարուան ծրագիրները: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարուան ծրագիրը կը բաժնուի հիմնական երկու մասերու. առաջին` գեղարուեստի դպրոցներ, որոնք 2006-էն ի վեր կը գործեն խնամակալութեան հովանիին տակ. այս դպրոցներն են` «Արեգ» թատերականը, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան, «Գայեանէ» պարի դպրոցը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը: Ներկայիս դպրոցները ունին իրենց պատասխանատուն: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարեշրջանին համար Երեւանէն հրաւիրած են ջութակահար եւ վաստակաւոր երաժիշտ Աշոտ Ճենտերեճեանը` որպէս երաժշտանոցի տնօրէն: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի պատասխանատուն է Ժանեթ Եափուճեան, «Արեգ» մանկապատանեկան դպրոցը ստանձնած է Ռոպեր Առաքելեան, իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` Հայաստանէն հրաւիրուած Անդրանիկ Գրիգորեան: Լատոյեան նկատել տուաւ, որ նիւթական պայմանները նկատի առած` կրթաթոշակը պիտի մնայ նոյնը` աւելցնելով, որ անցնող տարիներուն եղած է աշակերտական թիւի աճ, իսկ այս տարուան հիմնական աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ որակի վրայ, որպէսզի որակի բարձրացում ալ ունենան թիւի աճի կողքին:
Անդրադառնալով «Գայեանէ» պարի դպրոցին` Լատոյեան յայտնեց, թէ պարախումբը պիտի ունենայ իր ելոյթը, «Արեգ»ը պիտի ունենայ իր թատերական ներկայացումը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նախորդ տարիներուն ստեղծուած խումբերը լարային, սենեկային նուագախումբը, կիթառներու եւ ջութակահարներու խումբերը, եռեակ կամ քառեակ նուագողներու խումբերը ամբողջութեամբ պիտի պահուին եւ այս աշխատանքը պիտի տարուի ամբողջ տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն` անհատական եւ խմբային:
Շարունակելով իր խօսքը, Լատոյեան յայտնեց, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը յատուկ համաձայնութիւն մը կնքած է Սուրիոյ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին հետ, ըստ որուն, զոյգ երաժշտանոցները իրարու հետ պիտի գործակցին: Անցնող տարի Լիբանանի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան Հալէպի մէջ, իսկ այս տարի պիտի հրաւիրուին Հալէպի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտները` ելոյթ ունենալու Լիբանանի մէջ: Ան յայտնեց, որ Երեւանի «Կոմիտաս»ի անուան երաժշտանոցի հետ իրենց կապը զօրացնելու միտումով, համաձայնագրի գործնական կիրարկման համար աշխատանք մը պիտի տարուի, աւելցնելով, որ այս տարի ուսանողուհի մը սկսած է իր թաւջութակի մասնագիտութեան Երեւանի մէջ եւ յառաջիկայ տարիներուն աւելի լաւ ձեւով պիտի համադրուի աշխատանքը: Լատոյեան աւելցուց, որ երաժշտանոցը աշխատանք կը տանի Լիբանանի պետական երաժշտանոցին հետ կապ ստեղծելու: Նախորդ տարիներուն արդէն իսկ ստեղծուած էր կապը, իսկ ներկայիս նորանշանակ տնօրէնին հետ եւս բնականաբար այդ կապը նոր ծաւալով եւ նոր տարողութեամբ պիտի աւելնայ:
Ան նկատել տուաւ, որ երաժշտանոցի աշակերտութեան թիւը հասած է 400-ի, իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտութեան թիւը` 360-ի, որոնք ունին 8-10 դասարան, նախապատրաստականէն մինչեւ յառաջացածները: 16 տարիքը բոլորողները կ՛անցնին «Քնար» պարախումբ: Կայ նաեւ պալէի յատուկ դասընթացք, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն խումբ մը տղաք յատուկ պարային դասերու կը հետեւին:
Անդրադառնալով «Արեգ» թատերական դպրոցին` Լատոյեան յայտնեց, որ անիկա ունի երկամեայ ծրագիր եւ անցնող տարեշրջանին եղած են շրջանաւարտներ: Աշակերտներուն թիւը կը հաշուէ 30, եւ իւրաքանչիւր տարի հին եւ նոր աշակերտները միասնաբար մանկապատանեկան թատերական ներկայացում մը կը պատրաստեն:
«Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան կը հաշուէ 120 աշակերտ, որոնք տարիքային բաժանումներով շաբաթական 1 ժամ դրութեամբ կը հանդիպին, իսկ վերջին տարուան ուսանողները` 4 ժամ: Մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեան տակ ամբողջ տարին կ՛ունենան 2 ցուցահանդէսներ, տարուան ընթացքին եւ տարեվերջին: Անոնք կ՛ունենան նաեւ արտադասարանային հաւաքներ, որպէսզի բնութեան մէջ գծեն, ինչպէս նաեւ` «մասթըր քլաս»ի դրութիւն, եթէ գաղութին մէջ կը գտնուի գեղանկարիչ մը, նաեւ այցելութիւններ` զանազան ցուցահանդէսներ:
Լատոյեան շեշտեց, թէ բոլոր աշխատանքները կը հովանաւորէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, աւելցնելով, որ գեղարուեստի դպրոցները ունին իրենց տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, որոնք ամբողջութեամբ կը հսկեն թէ՛ կրթական ծրագրին եւ թէ՛ նիւթական աշխատանքներուն վրայ:
Լատոյեան ակնարկելով Շրջանային վարչութեան միաւորներուն` յայտնեց, թէ «Քնար» պարախումբի պարուսոյցն է այս տարուան համար Հայաստանէն Յովիկ Խաչիկեան, եւ նկատի ունին ապրիլի աւարտը` իբրեւ տարեկան ելոյթի թուական, աւելցնելով, որ «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբերը միացեալ ելոյթ պիտի ունենան: Ան յայտնեց նաեւ, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի այս տարեշրջանի բեմադրիչն է Ռոպեր Առաքելեան եւ պիտի ներկայացուի թատրերգութիւն մը, աւելցնելով, որ կը ծրագրեն թատերական սթիւտիօ, որ աւելի ուշ պիտի յայտարարուի: «Կարկաչ»ը, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` մանկական եւ պատանեկան խումբերով: «Այգ» երգչախումբը, ընկերակցութեամբ ժողովրդային նուագախումբին, պիտի շարունակէ իր փորձերը: Լատոյեան նկատել տուաւ, որ երգչախումբերուն թիւը կը հասնի 120-ի, եւ անոնք շաբաթական դրութեամբ կը հետեւին փորձերուն, աւելցնելով, որ երգչախումբը կազմուած է ազգային եւ հայկական վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներէն, իսկ «Այգ»ի անդամները համալսարանական եւ աշխատող դասակարգի տղաք են:
Լատոյեան հաստատեց, որ այս բոլորին կողքին, Շրջանային վարչութիւնը ունի Գրական յանձնախումբ, որ կը կազմակերպէ յոբելենական ձեռնարկներ: Այս տարեշրջանին քանի մը տարեդարձներ կան, որոնք պիտի նշուին: Կայ նաեւ Քարոզչական-երիտասարդական յանձնախումբը, որ աշխատանք կը տանի կեդրոնին մէջ յաճախող աշակերտներու կապը զօրացնելու Համազգայինի հետ:
Յ. Լատոյեան յայտնեց, որ կը գործեն Համազգայինի 4 մասնաճիւղեր, որոնցմէ ոմանք կազմալոյծ վիճակի մէջ են եւ անմիջապէս ընդհանուր ժողովով մը ներքին կանոնագիրը վերաշխուժացնելով պիտի փորձեն բարելաւել մասնաճիւղերուն կացութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

