ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»Ը. ԲԱՌ ՄԸ, ԶՈՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉՀՆՉԵՑ ՕՊԱՄԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Հայաստան գտնուած միջոցին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի տեղեկացուց իր գլխաւոր օգնականներուն. «Ես նռնակ մը պիտի պայթեցնեմ»: Այսպիսով, ան բացայայտեց վճռականօրէն գործելու իր պատրաստակամութիւնը, եթէ Թուրքիան շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ժամանելով Երեւան` նախագահ Սարքոզի հանդէս եկաւ համարձակ յայտարարութեամբ մը, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ հաւաքուած լրագրողներուն դիմաց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որ ճանչցուած է Ֆրանսայի կողմէ: Հաւաքական ժխտումը աւելի դատապարտելի է, քան` անհատականը»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսան պիտի ընդունի՞ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները պատժող օրէնք մը, Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց. «Եթէ Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը, ընդունի իր պատմութիւնը` բոլոր մութ եւ պայծառ կողմերով, ապա Ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարար է: Սակայն, եթէ Թուրքիան այդ բոլորը չընէ, ապա, անկասկա՛ծ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք աւելի հեռուն երթալ»:

2007 թուականին, երբ Սարքոզի տակաւին նախագահի թեկնածու էր, խոստացաւ պաշտպանել ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումը: 2006-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արդէն իսկ հաստատուած էր նման օրինագիծ մը: Սակայն, հակառակ իր խոստումին, նախագահ Սարքոզիի կուսակցութիւնը անցեալ մայիսին խափանեց օրինագիծին ընդունումը: Թէեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց Ողջակիզման ժխտումը 1990 թուականին, սակայն ան միեւնոյն քայլը չառաւ Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, հակառակ անոր որ Ֆրանսան ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը 2001-ին:

Ֆրանսահայերը վրդոված էին Սարքոզիի դաւաճանութենէն: Երգիչ Շարլ Ազնաւուր հրապարակաւ զգուշացուցած էր, որ ան (Սարքոզի) կրնայ 500 հազար ֆրանսահայերու աջակցութիւնը կորսնցնել յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին: Անցեալ ամիս Ֆրանսայի ՀՅԴ-ն յայտարարեց, թէ նեցուկ պիտի կանգնի ընկերվարական Ֆրանսուա Հոլանտի` նախագահի հաւանական թեկնածութեան, երբ ան խոստացաւ, թէ իր կուսակցութիւնը, որ վերջերս ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ, պիտի քուէարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող բանաձեւին յօգուտ: Հանրային կարծիքի համաձայն, Հոլանտ ներկայիս առաջատար դիրքերու վրայ կը գտնուի Սարքոզիի նկատմամբ:

Անցեալ շաբաթ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին նախագահ Սարքոզի քանի մը կարեւոր պատգամներ փոխանցեց: Ան վստահեցուց հայերը, որ ինք մտադիր է պահել իր նախկին խոստումը, որն է` ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման բանաձեւը, նաեւ զգուշացուց Թուրքիան, որ դադրեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը, եւ ընդգծեց իր դրական վերաբերմունքը` Արցախի հարցով հայերու դիրքորոշման նկատմամբ:

Ֆրանսայի նախագահին այցելութիւնը Կովկասի երեք հանրապետութիւններ` ակնյայտօրէն յօգուտ Հայաստանի էր, ուր ան մէկ գիշեր անցուց, մինչդեռ Ազրպէյճան եւ Վրաստան մնաց ընդամէնը երեք ժամ: Այդ երկու երկիրներուն տուած իր կարճատեւ այցով ան պարզապէս փորձեց անկողմնակալութեան տպաւորութիւն ստեղծել:

Սարքոզիի առաջին այցելութիւնը Հայաստան լեցուն էր տօնական միջոցառումներով ու ջերմ նախաձեռնութիւններով. ան ծառ տնկեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին առջեւ` հետեւեալ գրառումը կատարելով յուշամատեանին մէջ. «Ֆրանսան չի մոռնար». ան նաեւ նախազգուշացուց Թուրքիան, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը, հայերէնով արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը, զոր նախագահ Օպամա մերժած էր օգտագործել® մոմ վառեց Էջմիածինի մէջ, մերժեց Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան, բացումը կատարեց Շարլ Ազնաւուրի` Արարատ լերան նայող թանգարանին եւ Հայաստանին նուիրեց Ռոտենի պատկանող թանկարժէք արձան մը:

Ի վերջոյ, աշխարհի մեծագոյն ղեկավարներէն մէկը համարձակեցաւ Թուրքիոյ լկտի ղեկավարները զգաստութեան կանչել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու զայրացած` արձագանգած է` ըսելով, որ Ֆրանսայի նախագահը պէտք է նայի իր երկրի գաղթատիրական անցեալին, այլ ոչ թէ պատմութեան դասեր տայ Թուրքիոյ: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաղ ընդունելութիւն ցուցաբերեց Ֆրանսայի նախագահին, վերջինիս Պաքու կատարած այցին ընթացքին: Ալիեւի օգնականը յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կիսեր Սարքոզիի կարծիքները` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Տաւութօղլուի կողմէ Ֆրանսայի դէմ արտասանուած անհանդուրժողական խօսքերը կրնան Ֆրանսայի ծերակոյտը մղել ընդունելու Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ նոր օրինագիծը:

Ֆրանսայի հայերը ներկայիս յաղթական դիրքերու վրայ են: Նախագահութեան երկու առաջատար թեկնածուներն ալ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են պաշտպանելու ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումը, այլ նաեւ` աջակցիլ այլ հայամէտ նախաձեռնութիւններու: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ երկու թեկնածուներէն ո՛ր մէկը պիտի յաղթէ յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն, հայերը պիտի օգտուին:

Սակայն, հաշուի առնելով քաղաքական գործիչներուն չիրագործած խոստումներու երկար շարքը, ֆրանսահայերը պէտք չէ հաւատք ընծայեն անոնց խօսքերուն: Երկու թեկնածուներուն համար ալ պէտք է յստակ ըլլայ այն, որ հայերը կը սատարեն այն թեկնածուին, որ կ՛աջակցի Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման, մինչեւ յաջորդ ապրիլի նախագահական ընտրութիւնները: Կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ երկու թեկնածուներն ալ յանձնարարէին իրենց կուսակցական ծերակուտականներուն` կողմ քուէարկել այս օրինագիծին` ֆրանսահայ համայնքին տալով հաճելի երկընտրանք մը երկու հայանպաստ թեկնածուներու միջեւ:

Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հայերը պէտք է փոխեն իրենց աւանդական, սակայն` ձախող մօտեցումը. աջակցիլ թեկնածուներուն` հաւատալով անոնց խոստումներուն ու յուսալով, որ անոնք պիտի արդարացուին ընտրութիւններէն ետք: Պէտք է ըլլայ նոր ռազմավարութիւն մը. երբ նախագահը ընտրուի եւ խոստումները կատարէ, այն ժամանակ միայն համայնքը զայն կը պարգեւէ իր սատարումով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES