ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 91-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ` ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գեղամ արք. Խաչերեան կ՛ուղղէ իր պատգամը

Հաճնոյ հերոսամարտի 91-րդ ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբերին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան Ղուկասու Աւետարանէն բերուած օրինակներով նկատել տուաւ, որ հարուստ անձ մը իր հարստութիւնը ճիշդ տեղին պէտք է գործածէ եւ ուրիշներն ալ բաժնեկից դարձնէ` աւելցնելով, որ յոյս պէտք չէ դնել երկրաւոր հարստութեան վրայ, այլ պէտք է ցանկալ աւելի արժէքաւորին` երկնայինին: Առաջնորդ սրբազանը ակնարկելով Հաճնոյ հերոսամարտին եւ բոլոր հերոսամարտերուն ընդգծեց, որ երբ հայ ժողովուրդը ճակատագրական ժամանակներու մէջ գտնուեցաւ եւ անոր ֆիզիքական գոյութեան դէմ սպառնալիքներ եղան, երբեք չվախցաւ, որ մարմինը սպաննուի, այլ պայքարեցաւ, որ զԱստուած եւ մեր արժէքները չուրանայ:

«Այսօր մենք Հաճնոյ հերոսամարտի ընդմէջէն կ՛ոգեկոչենք հայուն հաւատքը, կամքը, քաջութիւնը, ազատութիւնը, հայրենասիրութիւնը», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ երբ կը նշենք հերոսամարտի մը տարեդարձը, պէտք չէ մոռնանք անոր ոգին, որն է քրիստոնէական հաւատքը, զոր մեր հայրերը ապրեցան եւ գործադրեցին իրենց կեանքին մէջ: Գեղամ արք. Խաչերեան նաեւ շեշտեց, որ հերոսամարտին մասնակիցները արհամարհեցին մարդոցմէ եկած վտանգները, որովհետեւ այդ վտանգները ժամանակաւոր էին:

«Հերոսամարտը ազգասիրութիւն է, հաւատքի արտայայտութիւն է, արժէքներու նկատմամբ ծայրագոյն յարգանք է, եղբայրասիրութիւն է», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ հայերը կռուեցան իրենց գոյութեան, հայու արժէքներուն եւ մշակոյթին գոյութեան համար:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց Հաճնոյ հերոսամարտին մասնակցած հերոսներուն նման միշտ պատրաստ ըլլալու` դիմադրելու որեւէ դժուարութեան եւ չխնայելու որեւէ զոհողութիւն հայրենիքի եւ հաւատքի համար: «Մեր տուները պէտք է հայկական տուներ ըլլան եւ մեր ազգը յաւիտենապէս պահող արժէքները` հայկական ոգին, հաւատքը եւ անոր պատկանելիութիւնը ամէն տեղ ըլլայ», եզրափակեց սրբազանը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք:

 

Share this Article
CATEGORIES