ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբերը յիշատակելի օր մը դարձաւ Պուրճ Համուտի հայութեան համար: Արդարեւ, ամբողջ օրուան տեւողութեան արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր այս «փոքրիկ Հայաստան»ի հայահոծ թաղամասերուն, յատկապէս` «Արին» կեդրոնի մայր պողոտային վրայ:
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած փառատօնին ծիրին մէջ, լիբանանահայ զանազան միութիւններ ներկայացնող կրպակներ զետեղուած էին հրապարակի մայր փողոցին վրայ:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, քարոզչական յանձնախումբին անունով Նելլի Չաքմաքեան բացուած յայտարարեց փառատօնը` ողջունելով ներկաները եւ ներկայացնելով ձեռնարկին շարժառիթն ու նպատակը:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի շեփորախումբը իր ազգային երգերու նուագակցութեամբ ձեռնարկին տուաւ ազգային-պաշտօնական բնոյթ:
Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` գնահատելով փառատօնի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը եւ մաղթելով, որ փառատօնի ներկայ հայրոդիները իրենց հետ տուն տանին կրպակներէն ներշնչուող հայկական տոհմիկ աւանդութեանց ոգին ու փոխադարձաբար ջերմացնեն իրենց օճախները ազգային հոգեպարար այս շունչով: Առաջնորդ սրբազանը ցաւով դիտել տուաւ, որ հայ ընտանեկան յարկերուն մէջ հետզհետէ կը տկարանայ հայկական երբեմնի ազգային տոհմիկ մթնոլորտը` տեղի տալով տեղայնացման խորթ ու օտար մոլուցքներուն:
Ապա, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէնով ողջունեց ներկաները` գնահատելով քարոզչական յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը եւ քաղաքապետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով այս եւ նման քայլերու:
Փառատօնը, որուն կը մասնակցէին 12 հայրենակցական միութիւններ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն ու ձեռարուեստի բաժինը, Համազգայինի գրախանութը, ՔԱՀԼ-ը, հայկական վարժարաններ, գեղանկարներով, փորագրութեամբ թէ քանդակագործութեամբ ներկայացած արուեստագէտներ, իրմէ կը ներկայացնէր հրապարակային ցուցահանդէս: Ցուցահանդէս-վաճառքի այս կազմակերպումը առիթ մըն էր, որ հայկական զանազան միութիւններ իրենց տարիներու աշխատանքին արգասիքը ներկայացնեն հանրութեան:
Ուշագրաւ էին հայկական տոհմիկ ճաշերն ու անուշեղէնները, զորս իւրաքանչիւր կրպակ կը ներկայացնէր այնպիսի խանդավառութեամբ` կարծէք ըսել կ՛ուզէր` «մերը ամէնէն համե՛ղն է…»:
Նմանապէս, ակներեւ էին ձեռարուեստի թէ մտաւոր աշխատանքներու նմուշներ, թռուցիկներ, որոնք ճաշակ մը կը փոխանցէին տուեալ կրպակի ինքնութեան ու բնոյթին մասին: Նոյնպէս ուշագրաւ էին յատկապէս հայուհիներու համար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի անդամներուն ցրուած թղթիկներն ու թռուցիկները, ուր նշուած են ԼՕԽ-ի կեդրոնի դասախօսական հանդիպումներու նիւթերու ցանկը եւ կնոջական հիւանդութեանց նախազգուշական տեղեկութիւններ: Այլ խօսքով, համահայկական «սփիւռք»ի մը մանրանկարը կը պարզէր այս փառատօնը:
Այս մասին զրուցելով` քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Պետիկ Թեմիզեան եւ քարտուղար Դալար Նենեճեան «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով շեշտեցին ձեռնարկին կարեւորութիւնը` յստակացնելով, թէ յանձնախումբը ուրիշ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպած է, սակայն նման փառատօնի տեսակին մէջ առաջինն է:
Իր կարգին, «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ Մարալ Մահսերեճեան յստակացուց, որ իննսունական թուականներուն նման նախընթաց մը եղած է, երբ Համազգայինը կազմակերպած է Պուրճ Համուտի երգի փառատօնը: Այսուհանդերձ, աւելցուց Մարալ Մահսերեճեան, «այս փառատօնը կու գայ վերաթարմացնելու հայու տոհմիկ աւանդութիւնները ներշնչող ազգային ոգին»:
Այս փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ լուսանկարչական պատկերներու մրցանք մը, ուր Պուրճ Համուտը խորհրդանշող նիւթի ամէնէն հարազատ դրսեւորումը ներկայացնող լուսապատկերը կը շահէր մրցանակ մը: Այս մարզի բախաւորն էր Ռուբէն Պոյաճեան:
Փառատօնը իր գիշերային բաժինով հանրութեան ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին մթնոլորտը խանդավառեց Համազգայինի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի մասին հայերէն վաւերագրական ժապաւէն մը` պատրաստութեամբ Վիգէն Աւագեանի եւ սթիւտիօ Աշնակի: Ելոյթին բեմավարն էր Մարալ Ղարիպեան:
Կը մնայ մաղթել, որ նման ձեռնարկներ յաճախ կրկնուին` վերահաստատելով, որ Պուրճ Համուտը եւ առհասարակ լիբանանահայ օճախը տակաւին կը մնան սփիւռքի բաբախող սրտերը:




