ԻՍՐԱՅԷԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵԼԻՔ 447 ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Իսրայէլ հրապարակեց անունները 447 պաղեստինցի գերիներու, որոնք Համաս-Իսրայէլ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան երեքշաբթի օր գործադրուելիք առաջին հանգրուանին ազատ պիտի արձակուին: Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես ստորագրեց անոնց ներում շնորհելու հրամանագիր մը:

550 պաղեստինցի այլ գերիներ իրենց կարգին ազատ պիտի արձակուին շուրջ երկու ամիս ետք, Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթի տունդարձի ապահովումէն ետք: Իսրայէլի հրապարակած անուններուն շարքին են 27 կիներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը ականաւոր դէմքեր, ինչպէս` Նասեր Իթէյմա, Ուալիտ Անժես, Եահիա Սանուար, Ժիհատ Եաղմուր, Մոհամետ Շարասա, Նայել Պարղութի, Ամնա Մունա եւ Համասի ղեկավարներէն Ռաուի Մուսթաֆա:

Իսրայէլի գերագոյն դատարանը երէկ հրապարակուած ցանկին շուրջ բողոքագիրները քննարկելէ ետք իր վճիռը պիտի արձակէ: Իսրայէլ մերժած է ազատ արձակել պաղեստինցի ականաւոր դէմքեր, ինչպէս` Մարուան Պարղութի, Ապտալլա Պարղութի, 2001-ին Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Ռեհաւամ Զեւին ահաբեկած Ահմետ Սաատաթը:

 

Share this Article
CATEGORIES