ՀՈԼԼԱՆՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ` ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Ֆրանսացի քուէարկողներ երէկ մասնակցեցան Ընկերվարական կուսակցութեան 2012-ի նախագահական ընտրութեան թեկնածուի ընտրութեան: Անոնք ընտրանք մը կատարեցին կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ կուսակցութեան ներկայ ղեկավար Մարթին Օպրիի միջեւ: Հոլլանտ ընտրութեան առաջին հանգրուանին քուէներուն 39 առ հարիւրը ապահովելով առաջին դիրքը գրաւած էր, իսկ Օպրի քուէներուն 31 առ հարիւրը ստանալով` ապահոված էր երկրորդ դիրքը:

Քուէատուփերուն կէսէն աւելիին արդիւնքներուն համաձայն, Ֆրանսուա Հոլլանտ ապահոված է Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածութիւնը` ապահովելով քուէներուն 56,5 առ հարիւրը, իսկ Օպրի ապահոված է 43,5 առ հարիւրը: Կը հաղորդուի, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը նկատառելի կերպով աւելի եղած է, քան առաջին հանգրուանը: Առաջին հանգրուանին մասնակցած միւս թեկնածուները իրենց համակիրները կողմնորոշած են ի նպաստ Հոլլանտին:

Նախքան ընտրութիւնը հարցախոյզները ցոյց կու տային, որ Հոլլանտ Օպրիէն վեց կէտի առաւելութիւն մը կը վայելէ: Ըստ հարցախոյզներուն, Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուն նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութեան պիտի մատնէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:

Շուրջ 2.7 միլիոն ֆրանսացիներ մասնակցած էին առաջին հանգրուանին: Քուէատուփերու բացումէն ետք առաջին վեց ժամերուն ընթացքին մասնակիցներուն թիւը 870 հազար էր, մինչ անցեալ շաբաթ այդ թիւը 800 հազար էր:

 

Share this Article
CATEGORIES