ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՑՈՅՑԵՐ. ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ 70 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑԻՆ

Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախում` Հռոմի մէջ

Տնտեսական սեղմումի եւ դրամատնային գործելաոճերու դէմ շաբաթ օր 80 երկիրներու եւ 950 քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ականատես դառնալու ընթացքին Հռոմի մէջ ոստիկանութեան հետ բախումները 70 վիրաւոր պատճառեցին:

Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ դիմակաւոր ցուցարարներ ինքնաշարժներ հրկիզեցին եւ դրամատուներու պատուհանները փշրեցին: Շուրջ 20 ցուցարարներ ձերբակալուեցան եւ բռնարարքներով ամբաստանուեցան: Քաղաքը կը փորձէ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին:

Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, որ 18-րդ դարու Սանթի Մարչելինօ եւ Փիեթրօ եկեղեցին ցուցարարներուն կողմէ սրբապղծուած է: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը յայտնեց, որ Ս. Աստուածածինին մէկ արձանը եկեղեցիէն դուրս բերուած եւ փշրուած է:

Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի յայտնեց, որ «բռնարարքներուն պատասխանատուները պէտք է բոլորին կողմէ անվերապահ կերպով դատապարտուին»: Աշխարհասփիւռ բողոքի ցոյցերը կիրակի օր եւս շարունակուեցան:

Ցոյցերը մէկ ամիս առաջ ընթացք առին Նիւ Եորքի մէջ` «Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» նշանաբանին տակ, եւ շաբաթ օր Թայմզ Սքուերի մէջ 70 ցուցարարներ ձերբակալուեցան:

Լոնտոնի մէջ շուրջ 250 ցուցարարներ Ս. Պօղոս տաճարին առջեւ վրաններ լարեցին եւ խոստացան Նիւ Եորքի ցոյցերուն օրինակին հետեւելով անժամկէտ կերպով այդտեղ մնալ: Ցուցարար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մարդիկ «բաւ է» կ՛ըսեն, մենք իսկական ժողովրդավարութիւն կ՛ուզենք, ոչ թէ մեծ առեւտուրի եւ դրամատնային համակարգին կողմէ թելադրուած ժողովրդավարութիւն մը»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Պի. Պի. Սի.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ցոյցերը հարցը պիտի չլուծեն, սակայն խոստովանեցաւ, որ իր համակրանքը պետութիւններուն կողմէ դիզուած չափէն աւելի պարտքերէն ազդուածներուն հետ է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Նիւ Եորքի կողքին ցոյցեր տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի եւ Փիցպըրկի մէջ: Աշխարհի տարածքին ցոյցեր տեղի ունեցան Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի, Քանատայի մէջ` Թորոնթոյի, Հալիֆաքսի եւ Վանքուվըրի, ինչպէս նաեւ Մեքսիքոյի, Փերուի, Չիլիի, Ֆիլիփեան կղզիներու, Նոր Զելանտայի, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Սիտնիի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES