ՆԱԽԱՐԱՐ Վ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շաբաթավերջին այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց շրջանի ճարտարարուեստի կեդրոններն ու հաստատութիւնները եւ հանդիպումներ ունեցաւ անոնց սեփականատէրերուն հետ:
Նախարար Սապունճեանի ընկերակցեցաւ ճարտարարուեստի նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաունը:
Նախարար Սապունճեան այցելեց Թֆահթայի ելեկտրական թելերու արտադրութեան գործարանը, Սուրի կերպընկալի ճարտարարուեստի յատուկ գործարանը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ գործարաններ, որոնք կը գտնուին Ռմէյշի մէջ:
Այցելութեան աւարտին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ կարելի չէ հարաւային Լիբանան կատարուած այցելութիւնը աւարտել միայն չորս կամ հինգ գործարաններ այցելելով:
Սապունճեան յայտնեց, որ Լիբանան կը ներկայանայ իբրեւ ներդրումի գրաւչութիւն ունեցող երկիր մը, որ ունի նաեւ ճարտարարուեստի արժանիքներ:
Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լիբանանցիներուն աշխատանքի ապահովումը:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող տարբեր գործարաններու կառուցումը քաջալերելի է: Ան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող լիբանանցի քաղաքացին մնայուն կերպով կը զօրակցի արդիականութեան եւ բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ իր արտադրութիւններուն որակը:
«Լիբանանեան պետութիւնը կը զօրակցի ճարտարարուեստին եւ այդ մարզի ներկայացուցիչներուն` դրուատելով ճարտարարուեստի բարգաւաճման նպատակով ի գործ դրուած բոլոր ճիգերը», ընդգծեց նախարար Սապունճեան: