ՄԱՆՍՈՒՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մասնակցի Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ պիտի գումարուի այսօր:

Նշենք, որ Արաբական լիկայի գումարելիք նիստին նպատակն է ընդառաջել Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի փափաքին` քննարկելու Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մանսուր շեշտեց, որ այդ մասին Լիբանան իր կեցուածքը պիտի ունենայ, յատկապէս այդ նիստէն բխելիք որոշումներուն առումով: «Անշուշտ Լիբանանի կեցուածքը պիտի ըլլայ Սուրիոյ զօրակցող եւ հոն գործադրուող բարեկարգումներու քաղաքականութեան նպաստող կեցուածք», ըսաւ Մանսուր` աւելցնելով, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը:

«Մենք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք գոյացնելու համար միասնական կեցուածք մը, որ կը զօրակցի Սուրիոյ միասնականութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան պահպանումին», շեշտեց Մանսուր` յոյս յայտնելով, որ Արաբական լիկայի նիստին կարելի ըլլայ գոյացնել արաբական համախոհութիւն` ծառայելու համար Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին գերագոյն շահերուն:

Share this Article
CATEGORIES