13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՀԱՒԱՔ ՄԸ
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Ալէյի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, շաբաթավերջին Տըպպայէի խորհրդաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ընթացքին նշուեցաւ 13 հոկտեմբեր 1990-ի դէպքին յիշատակը:
Հաւաքին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ փտածութիւնը սկսած է մաս կազմել պետական կառոյցին` աւելցնելով, որ եթէ այդ մասին լիբանանցիները չխօսին, ապա կարելի չէ այդ վիճակը սրբագրել:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետական բոլոր կառոյցները բարեկարգումի կարիքը ունին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անցեալին հետ դէմ յանդիման գալ եւ դատապարտել անոր խորքը եւ ոչ թէ անկէ խուսափիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղեց միասնականութեան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է յարգել բարոյական բոլոր չափանիշները, զորս պէտք չէ շրջանցել, ինչպէս նաեւ պէտք է ենթարկուիլ երկրին կանոններուն` կերտել կարենալու համար Լիբանանը:
Զօր. Աուն իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ իրենք կը փորձեն պատերազմին հոգեբանական ազդեցութիւնները ջնջել` պետական հաստատութիւնները վերակառուցելու ընդմէջէն:


