ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

Իրլանտայի նախագահը Միքաթիի հետ` վարչապետարանի մուտքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրլանտայի նախագահ Մարի Մըքէլիզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Վարչապետը հաստատեց, որ Լիբանան պիտի չզլանայ հզօրացնելու իր բանակը, որպէսզի անիկա հարաւային Լիբանանի մէջ կարենայ կատարել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛արժեւորէ Իրլանտայի ի գործ դրած բոլոր ջանքերը` ոգեկոչելով Լիբանանի խաղաղութեան ի խնդիր զոհուած իրլանտացի բոլոր զինուորներուն յիշատակը:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ Իրլանտայի դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է համոզել միջազգային հանրութիւնը, որպէսզի ան վաւերացնէ աշխարհի մէջ տարանջատուող ռումբերու օգտագործումը արգիլող համաձայնագիրը:

Իր կարգին, Մըքէլիզ շեշտեց, որ Իրլանտա կ՛արժեւորէ Լիբանանի յանձնառութիւնը` Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով: Ան դրուատեց նաեւ Լիբանանի ապրած շինարարական զարթօնքը եւ ողջունեց լիբանանցիներուն քաջութիւնն ու անոնց նախաձեռնութեան ոգին:

Վարչապետարանին մէջ Մըքէլիզի ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը:

Պէտք է նշել, որ ուրբաթ երեկոյեան Մարի Մըքէլիզ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Նախագահ Սլէյմանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Մըքէլիզ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրլանտական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Պաապտայի մէջ Մըքէլիզի ի պատիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ:

Ընթրիքին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Իրլանտա պատմութիւն ունի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան եղած է այն առաջին երկիրներէն, ուր իրլանտական ուժեր ծառայած են եւ տակաւին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ծիրին մէջ կը ծառայեն իբրեւ խաղաղապահ ուժեր:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Իրլանտային` հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան հսկելու անոր առաքելութեան համար:

Նախագահ Սլէյման նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան անհրաժեշտ կը նկատէ Իրլանտայի հետ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, յատկապէս մշակութային առումով:

Միւս կողմէ, Իրլանտայի նախագահը այցելեց հարաւային Լիբանանի Թըպնին շրջանը, ուր տեղակայուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական ուժերուն զօրամասը: Մըքէլիզ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի հետ:

Նշենք, որ Իրլանտայի նախագահը Լիբանան կատարած եռօրեայ իր պաշտօնական այցելութենէն ետք երէկ կէսօրին վերադարձաւ Տապլին:

Իրլանտայի նախագահին հրաժեշտ տալու համար օդակայան ուղղուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ պետական պաշտօնատարներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ան ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES