ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՐԾԱՐԾԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ուղղէ իր խօսքը

Արամ Ա. կաթողիկոս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին շնորհուած հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ ուրբաթ, 14 հոկտեմբերի առաւօտուն այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարան, ուր ի պատիւ վեհափառին նախաճաշի հանդիպում մը կազմակերպուած էր քաղաքապետութեան կողմէ:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու վեհափառը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալումին, ինչպէս նաեւ այն ջերմ վերաբերմունքին համար, որ քաղաքապետ Անթոնիօ Վիերակոսա ցուցաբերեց վեհափառին Լոս Անճելըս ժամանման պահուն. ան յիշեցուց, որ վեհափառը չորրորդ անգամն է, որ կ՛այցելէ քաղաքապետարան, ապա հրաւիրեց զայն արտասանելու իր խօսքը:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց ներկաներն ու քաղաքապետութեան ներկայացուցիչները` նշելով, որ ինչպէս որեւէ քաղաք, այս քաղաքը եւս սոսկական շէնք ու շուկայ չէ, այլ ունի ինքնութիւն ու նկարագիր, որ կերտուած է բնակիչներուն ներդրումով: Ան յատկապէս վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ հայ համայնքը կարեւոր ներդրում ունեցած է այս քաղաքի կերտման ու բարգաւաճման մէջ:

Վեհափառն ու շքախումբը այնուհետեւ անցան քաղաքապետական խորհուրդի ժողովատեղին, ուր խորհուրդը նիստի մէջ էր: Ժողովին առջեւ խօսք առնելով` վեհափառը ողջունեց ներկաները, ապա քաղաքապետութեան աշխատանքներուն մասին իր խորհրդածութեանց բաժնեկից դարձուց ժողովականները: Ան նշեց, որ քաղաքապետութիւնը կը ներկայացնէ ժողովուրդը, ժողովականները ընտրուած են ժողովուրդին կողմէ եւ համարատու են անոր: Անդրադառնալով Լոս Անճելըսի մէջ հայութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան` վեհափառը յիշեցուց, որ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ վերապրող հայեր ցրուեցան աշխարհի տարածքին, անոնցմէ մաս մըն ալ հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ ազատութեան, արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշակիր է: Հայութիւնը գաղթական չմնաց, այլ իբրեւ համայնք` իր ներդրումը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու զարգացման` բոլոր մարզերուն մէջ: «Աչքի առջեւ ունենալով ձեր անունները, բացայայտ է, որ ունիք տարբեր արմատներ, կու գաք տարբեր ազգութիւններէ, հաւատարիմ պիտի ըլլաք ձեր արմատներուն, թէեւ մաս կը կազմէք ամերիկեան ընկերութեան: Միացեալ Նահանգներու համար հարստութիւն է ազգերու եւ մշակոյթներու մէկտեղումը, տարբեր ժողովուրդներէ միատեղուող ներդրումները: Այս իմաստով, հայութիւնն ալ իր կարեւոր տեղն ու մասնակցութիւնը ունեցած է իրագործումներուն մէջ», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հայրապետական այցելութեան առիթով, քաղաքապետութիւնը յատուկ հռչակագիր մը հրատարակած էր. բնագիրը յանձնուեցաւ վեհափառին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES