«ԵԹԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ ՉԳՈՅԱՑՆԷ, ԱՊԱ ԿԱՐԵԼԻ Է ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԵԼ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Պեքաայի Քասըրնապպա շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան քննարկելիք թղթածրարներուն պարագային եթէ կարելի չըլլայ համախոհութիւն գոյացնել, ապա կարելի է քուէարկութեան դիմել:

Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են այս կառավարութեան մէջ կատարեալ ազատութեամբ քննարկելու ամէն բան: «Իսկ իւրաքանչիւրը ունի իր կեցուածքը, կարծիքն ու տեսակէտը: Սակայն նոյնիսկ եթէ որոշ բարդ ու փշոտ հարցերու վերաբերեալ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա կարելի է քուէարկութիւն կատարել, եւ կառավարութեան մեծամասնութիւնը կ՛որոշէ, իսկ մնացեալ կողմերը կ՛ենթարկուին այդ որոշումին», ըսաւ շէյխ Քասեմ:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ նախորդ եւ ներկայ կառավարութիւնները որդեգրած են բանակ-ժողովուրդ-Դիմադրութիւն եռեակ տարազը, որ Լիբանանին համար մեծ ապահովութիւն կը նկատուի` շեշտելով այդ տարազը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES