ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ-ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` ներկայութեամբ` նախկին նախարարներ Թարեք Մըթրիի եւ Ֆուատ Պութրոսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուղղափառ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պութրոս յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յոյն ուղղափառ համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր կեցուածքներն ու տեսակէտները: Ան նկատել տուաւ, որ այդ իրականութիւնը կը փաստէ համայնքին մէջ տիրող ազատութիւնը եւ անհատներուն անկախութիւնը:
Իր կարգին, Հազիմ պատրիարքը շեշտեց Աուտէ եպիսկոպոսին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` նկատել տալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը վտանգուած է, «սակայն մեր բնօրրանը Արեւելքի մէջ է եւ մենք այս շրջանէն բացի տեղ չունինք երթալիք, հետեւաբար հոս պիտի մնանք», ըսաւ Հազիմ պատրիարքը:


