ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ԱՊՏԱԼԼԱ ԱՊՏԱԼԼԱՆ

Դեսպան Ապտալլա եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլան, որ վարչապետին փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` ՄԱԿ-ի մէջ պաղեստինեան պետութեան ճանաչման նպատակով Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Ապտալլա յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է պաղեստինեան Պարետ գաղթակայանին կառուցման մանրամասնութիւնները եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն կեցութեան հարցը, մինչեւ անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը:

Ապտալլա յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ անհրաժեշտ է պաղեստինցի գաղթականներուն տառապանքը նուազեցնել եւ անոնց արժանապատուութիւնը պահպանել, «որովհետեւ անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել»:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ պիտի շարունակէ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի պայքարի` լուծելու համար երկրին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական հարցերը:

Իրենց կարգին, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ յաջորդ օրերուն կառավարութեան հրաժարականը նախատեսելի է: Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Share this Article
CATEGORIES