ՄԱՆՍՈՒՐ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՔԻՆ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Գահիրէէն վերադարձաւ Լիբանան` մասնակցելէ ետք Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մանսուր նշեց, որ Լիբանան, ինչպէս նաեւ արաբական շարք մը երկիրներ փափաքեցան, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ գոյանայ երկխօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նկատմամբ օժանդակութիւն ցուցաբերուի` զայն իր տագնապէն դուրս բերելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու համար:

Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած այն յայտարարութեան, որ Մանսուր իբրեւ թէ ինքզինք կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ պետութիւնը, արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Այդ մէկը Ժահժահի տեսակէտն է. անոնք կը փափաքին, որ մենք յայտարարենք, թէ Սուրիոյ եւ անոր ապահովական կայունութեան դէմ ենք: Բան մը, որ մենք երբեք պիտի չըսենք, որովհետեւ մենք կը զօրակցինք Սուրիոյ, որպէսզի ան դիմագրաւէ իր տագնապը եւ վերահաստատէ իր կայունութիւնը», ըսաւ Մանսուր:

Ան աւելցուց, որ ինք լիբանանեան պետութեան կեցուածքն է, որ ներկայացուցած է եւ ոչ թէ ինքն իր:

 

Share this Article
CATEGORIES