ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն`  ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի հարաւային Լիբանան կատարած աշխատանքային շրջապտոյտին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Մուսթաքպալ», «Սատա Պալատ», «Շարք», «Լիուա», «Անուար» եւ «Ախպար» օրաթերթերը):

«ԼԻՈՒԱ»

– Անդրադարձ` «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-թրքական-հնդկական խորհրդաժողովին, որ կը վայելէր տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի հովանաւորութիւնը: Խորհրդաժողովին ընթացքին Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու առիթները շատ են` աւելցնելով, որ պէտք է օգտագործել այդ առիթները:

Նշենք, որ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Նահար», «Տիար», «Տէյլի Սթար», «Սատա Պալատ», «Անուար», «Շարք» եւ «Ախպար» օրաթերթերը):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES