ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՂՈՍԸՆԸ ԵՒ ՔԱՍՍԱՐԸ
Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս երէկ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան:
Կառավարութեան կողմէ աշխատավարձերու յաւելման որոշումին մասին համադաշնակցութեան դիտողութիւնները լսելէ ետք Նահհաս յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութեան կողմէ պիտի հրապարակուի շրջաբերական մը, որ կ՛ընդգրկէ կառավարութեան որոշումը, որուն կցուած պիտի ըլլայ յստակ բացատրութիւն մը, որ կը վերաբերի այդ որոշումին դէմ բողոքներ ներկայացնելու արգիլման:
Նահհաս շեշտեց, որ ինք այդ շրջաբերականը կը պատրաստէ, հակառակ անոր որ ինք այդ որոշումին դէմ է:
Հանդիպումին ընթացքին Նահհաս մեղադրեց համադաշնակցութիւնը, որ ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց:
Ղոսըն իր կարգին հանդիպումէն ետք նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է, որ կառավարութեան տուած այդ որոշումը կը վերաբերի պետական մարզին եւ սեփական մարզին 95 առ հարիւրին:
Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք Նահհասէն պահանջած են հրապարակել պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն մէջ կարելի կ՛ըլլայ սրբագրել տրուած որոշումին օրինական բացթողումները:
Ղոսըն աւելցուց, որ համադաշնակցութիւնը կը զօրակցի ուսուցիչներուն, յատկապէս Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն պահանջներուն:
Նախարար Շարպել Նահհաս ընդունեց նաեւ տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:



